Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան-Մարուքեան Հանդիպման Ընթացքին Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցով Համաձայնութիւն Չէ Գոյացած

Փաշինեան-Մարուքեան Հանդիպման Ընթացքին Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցով Համաձայնութիւն Չէ Գոյացած

by MassisPost

«Արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնելու շուրջ համաձայնութիւն ձեռք չբերուեց», – Կառավարութենէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մօտ մէկ ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց ԱԺ-ի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան։

Պայմանաւորուած են կրկին բանակցիլ «Բարգաւաճ Հայաստանի» դիրքորոշումը պարզ դառնալէ ետք․ – «Վարչապետը երկու հարցը իրար հետ չի կապում։ Մենք երկու հարցը իրար հետ ենք կապել։ Օրինակ, մէկը ես չեմ պատկերացնում առանց Գլխաւոր շտաբի խնդիրը լուծելու արտահերթ ընտրութիւններ։ Բայց ուզում եմ օր առաջ արտահերթ ընտրութիւններ լինի։ Դրա համար առաջարկում էի, որ եկէք համաձայնութեան գանք, էս մասը դադար տանք, թողնենք ընտրութիւններից յետոյ դա զբաղուելու հարց, եւ գնանք առաջ․․․ Վարչապետը ասում է, որ այդ խնդիրները պէտք չի կապել իրար»։

«Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօք իրենք պատրաստ են բանակցութիւններու երկրորդ փուլին հրաժարիլ իրենց նախապայմանէն, Մարուքեան արձագանգած է․ – «Ես չգիտեմ երկրորդ փուլում բանակցութիւնների մենք ինչ կ’ունենանք։ Ես յոյս ունեմ, որ բոլորը կ’ունենան իմաստնութիւն՝ թէ՛ իշխանութիւնում, թէ՛ Զինուած ուժերում, թէ՛ փողոցում քայլող մարդիկ, բոլորս կ’ունենանք իմաստութիւն, որ էդ բանակցութիւնների երկրորդ փուլում․․․ չեմ ուզում վատ բաներ ասեմ, ինչ-որ արհաւիրք չլինի, նոր գանք խօսենք դրա մասին։ Ես յոյս ունեմ, որ ինչ-որ ձեւով ինչ-որ ճանապարհ գտնելու ենք։ Հիմա էդ ճանապարհը ոնց կը գտնենք, դեռ չգիտեմ։ Բայց ես պատրաստ եմ էդ ճանապարհը գտնելու, էդ կամքը կայ։ Ես յոյս ունեմ, որ իմ ներկայացրած խնդիրների վերաբերեալ էլ վարչապետը կը մտածի մինչեւ միւս հանդիպում»։

«Պայմանաւորուեցինք, որ միայն մեր դիրքորոշումով չի կարող թեման փակուել», – շարունակած է Մարուքեան։ – «Պէտք է ուրիշ ուժեր էլ․․․ որովհետեւ խորհրդարանը չենք կարող ցրել միայն մեր դիրքորոշումով։ Որովհետեւ, եթէ խօսքը գնում ա հետեւեալի մասին, որ, օրինակ, ես հրաժարւում եմ վարչապետի թափուր պաշտօնը լինելու պարագայում առաջադրուելուց, բայց միւս ուժը չի հրաժարւում, էդ քննարկումը անիմաստ ա դառնում»։

Փաշինեան – Մարուքեան հանդիպումէն ետք կառավարութեան աշխատակազմը տեսանիւթ տարածեց, ուր վարչապետը կը յայտարարէ՝ եթէ խորհրդարանական ուժերը արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու որոշում կայացնեն, հարցը կարելի է լուծուած համարել։ Նիկոլ Փաշինեան չէ բացառած, որ Հանրապետութեան նախագահին նոյնպէս ներկայացնեն իրավիճակը, որպէսզի Արմէն Սարգսեան ոչ միայն դիրքորոշում արտայայտէ, այլեւ դառնայ իրենց պայմանաւորուածութիւններու կատարման երաշխաւորը։

«Ի սկզբանէ մեր պատկերացումը հենց էդպէս էլ եղել է, որ պէտք է ի վերջոյ քաղաքական այս շրջափուլը աւարտուի ժողովրդի կամարտայայտմամբ։ Եւ ես էսօր ուրախ կը լինեմ լսել Ձեր տեսակէտները, թէ ինչպէս առաջ շարժուիլ։ Եկէք նախապէս պայմանաւորուենք, որ էսօրուայ մեր քննարկման արդիւնքներով մենք ոչ թէ կայացնենք որոշում, այլ ես հանդիպում կ’ունենամ նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարի հետ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավարի հետ եւ խմբակցութեան հետ, որի արդիւնքներով կը փորձենք հասնել մի լուծման, որը համարուի համաձայնային», – ըսած է Փաշինեան։

Մինչեւ այս պահը պարզ չէ, արդեօք Նիկոլ Փաշինեան կը բանակցի նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստանի» ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ։ Վարչապետը ըսած էր, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան ղեկավարներուն հրաւէր յղած է։ Բայց 24 հոգինոց «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութենէն չեն պատասխանած՝ ստացա՞ծ են այդ հրաւէրը, Ծառուկեան ընդունա՞ծ է այն։ Ընդդիմադիր խմբակցութեան պատգամաւորներէն Միքայէլ Մելքումեան ըսած է, որ ինքը տեղեակ չէ, չեն քննարկած։ Երբ քննարկեն, կը տեղեկացնեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment