Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 54 Ծերակուտականներ Պայտընին Յորդորած Են Ճնշումներ Գործադրել Թուրքիոյ Վրայ

54 Ծերակուտականներ Պայտընին Յորդորած Են Ճնշումներ Գործադրել Թուրքիոյ Վրայ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու 100 տեղանոց Ծերակոյտի 54 ծերակուտականներ, թէ՛ դեմոկրատական, թէ՛ հանրապետական կուսակցութիւններու անդամներ նամակ յղած են նախագահ՝ Ճօ Պայտընին` յորդորելով ճնշումներ գործադրել Թուրքիոյ վրայ մարդու իրաւունքներու խախտումներու ինչպէս նաեւ արտաքին «ռազմատենչ եւ մարտական» քաղաքականութեան համար։

Ծերակուտականները յիշատակած են նաեւ ղարաբաղեան պատերազմին Թուրքիոյ դերակատարութիւնը` պնդելով, որ Թուրքիան խրախուսած է Ատրպէյճանը բռնութիւններու դիմելով լուծել տարածքային վէճը Հայաստանի հետ։ Անոնք մեղադրած են Էրտողանը Թուրքիոյ մէջ քննադատական լրատուամիջոցները լռեցնելու, լրագրողները բանտարկելու եւ անկախ դատաւորներէն ազատելու մէջ։

«Նախագահ Էրտողան երկիրը կը տանի աճող մենակատարութեան ուղիով։ Ան կանոնաւոր կերպով լուսանցքայնացուցած է ընդդիմութիւնը, լռեցուցած քննադատական լրատուամիջոցները, մաքրած անկախ դատաւորները եւ զանոնք փոխարինած կուսակցութեան հաւատարիմ մարդոցմով, բանտարկած բազմաթիւ լրագրողներ»,- գրած են ծերակուտականները` յիշեցնելով, որ ըստ «Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի» զեկոյցին` բանտարկուած լրագրողներու թիւով Թուրքիան ետ կը մնայ միայն Չինաստանէն։ Freedom house-ը 2020-ի զեկոյցով Թուրքիան դասած է անազատ երկիրներու շարքին։ Պետական բաժանմունքի մարդու իրաւունքներու 2019-ի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Թուրքիան հակաահաբեկչական լայն օրէնսդրութեամբ սահմանափակած է հիմնարար ազատութիւններն ու սպառնալիքի տակ դրած օրէնքի գերակայութիւնը։

Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ ԱՄՆ-ի նախագահին յղուած նամակին մէջ ծերակուտականները գրած են․ «Նախագահ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը ժամանակի ընթացքին աւելի ռազմատենչ ու մարտական դարձած է։ Վերջին տարիներուն Էրտողան լկտիաբար յարձակած է Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը վայելող քիւրտերու վրայ, որոնք կը պայքարէին «Իսլամական պետութեան» դէմ, ան ձեռք բերաւ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, չնայած զգուշացումներուն, որ անոնք անհամատեղելի են ամերիկեան սարքաւորումներուն հետ։ Ան խրախուսեց Ատրպէյճանը` բռնութիւններ գործադրել Հայաստանի հետ տարածքային վէճը լուծելու համար»։

Ծերակուտականները նաեւ նշած են, որ նախագահ Էրտողան փորձած է ճնշումներ գործադրել ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներուն վրայ` Թուրքիոյ արտայանձելու այն քաղաքացիները, որոնց ան կը մեղադրէ 2016-ի ձախողած յեղաշրջման փորձին մասնակցելու մէջ. «Էրտողանի կառավարութիւնը փորձած է քննադատողները լռեցնել նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ, ինչպիսին է NBA-ի խաղցող եւ իրաւապաշտպան Էնես Քանթերը՝ Ինթըրփոլով հետախուզում յայտարարելով անոր հանդէպ»։

Ծերակուտականները նշած են, որ Թուրքիան կը մնայ կարեւոր գործընկեր աշխարհի այդ մասի նշանակալից տարածաշրջանէն ներս եւ ընդգծած, որ անոր համար ալ կը դիմեն ԱՄՆ-ի նախագահին։ «Մենք կը կարծենք, որ Միացեալ Նահանգները դաշնակիցներէն պէտք է պահանջէ բարձր չափանիշներ եւ անկեղծօրէն անոնց հետ խօսի մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան նահանջի խնդիրներու մասին», – գրած են ծերակուտականները` Ճօ Պայտընին կոչ ընելով նախագահ Էրտողանի եւ անոր վարչակազմի ուշադրութիւնը հրաւիրել, որ պէտք է անյապաղ դադրեցնեն այլախոհութեան վրայ ճնշումները տան մէջ, թէ դուրսը, ազատ արձակեն քաղաքական բանտարկեալները ու խղճի բանտարկեալները եւ ամբողջովին փոխեն իրենց մենակատարութիւնը։

Ծերակուտականները նամակի վերջաւորութեան նշած են, որ Ամերիկայի մէջ երկկուսակցական աւանդոյթ կայ՝ աջակցիլ մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան հիմնարար արժէքներուն, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են Պայտընի աշխատակազմին օգնել այդ կարեւոր հարցով։

54 ծերակուտականներու կողմէն ստորագրուած նամակի թեքսթը տեղադրուած է Ծերակոյտի պաշտօնական կայքը, ստորագրողներու մէջն են յայտնի ծերակուտականներ` Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար՝ դեմոկրատ Չաք Շումըր, Էմի Քլոպուչըր, հանրապետականներ՝ Միթ Ռոմնին եւ Մարքօ Ռուպիոն։

Թրքական իշխանամէտ Daily Sabah-ը, ներկայացնելով ծերակուտականներու նամակը, նաեւ պատասխանած է անոնց մեղադրանքերուն` յենելով այդ հարցերու մէջ իշխանութիւններու դիրքորոշումներուն վրայ։ Մասնաւորապէս Սուրիոյ քիւրտերու վրայ յարձակումներու մասին ըսուած է, որ անոնք հակաահաբեկչական գործողութիւններ են, NBA-ի պասքէթպոլիստ եւ աքթիվիստ Էնես Քանթերը ներկայացուած է որպէս ԱՄՆ բնակող Ֆեթուլահ Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ։

Արձագանգելով նաեւ ղարաբաղեան պատերազմի Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին ծերակուտականներու գնահատականին` Daily Sabah-ը մեկնաբանած է, թէ «Անգարան ռազմական օգնութիւն չէ ցուցաբերած Ատրպէյճանին, բայց թուրք պաշտօնեաները ըսած են, որ անոնք համերաշխ են Ատրպէյճանի հետ` ազատագրելու Հայաստանի կողմէն 30 տարի գրաւուած տարածքները»։

Ըստ Reuters մեկնաբանին՝ կ’ակնկալուի, որ Պայտըն աւելի կոշտ դիրքորոշում ցուցաբերէ Անգարայի հանդէպ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար։ 2016-ի ռազմական յեղաշրջման անյաջող փորձէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս 300 հազար մարդ ձերբակալուած է, աւելի քան 150 հազար պետական ծառայողներ պաշտօնանկ եղած են, հարիւրաւոր լրատուամիջոցներ փակուած են, ընդդիմադիր տասնեակ պատգամաւորներ յայտնուած են ճաղերու ետեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment