Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ’ողջունէ Հարաւային Աւստրալիա Նահանգի Ընդունած Բանաձեւը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ’ողջունէ Հարաւային Աւստրալիա Նահանգի Ընդունած Բանաձեւը

by MassisPost

Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացի վերջին ձեռքբերումն է Հարաւային Աւստրալիա նահանգի օրէնսդիր մարմնի կողմէն ԱՀ-ն ճանաչող եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին սատարող բանաձեւի ընդունումը, յայտարարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Կարեւորում ենք, որ բանաձեւում դատապարտուում են 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ թուրք-ատրպէյճանական զինուած յարձակման, Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնների շարունակուող հայատեացութեան քաղաքականութիւնն ու Արցախի գրաւուած տարածքներում հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ կոչ է արուում Աւստրալիայի դաշնային իշխանութիւններին ճանաչել Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը առանցքային նշանակութիւն ունի անոր ժողովուրդի՝ «իր հայրենի հողում ազատ, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու եւ արարելու անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար»։

«Այն նաեւ լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի եւ տեւական կարգաւորման համար», – շեշտած է ԱԳՆ-ն` աւելցնելով, որ կարգաւորման հիմքը պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդի կողմէն ինքնորոշման իրաւունքի իրացման փաստի ճանաչումն ու Արցախի տարածքներու բռնագրաւելու դադրեցումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment