Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զարիֆ. Իրական Հեռանկար Կայ Նախիջեւանով Կապելու Հայաստանի ու Իրանի Երկաթուղագիծերը

Զարիֆ. Իրական Հեռանկար Կայ Նախիջեւանով Կապելու Հայաստանի ու Իրանի Երկաթուղագիծերը

by MassisPost

Պաշտօնական Թեհրանը իրական հեռանկար կը տեսնէ Հայաստանի ու Իրանի երկաթուղիները Նախիջեւանով կապելու համար, այսօր՝ Յունուար 27-ի առաւօտեան, Երեւանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեանի հետ մօտ երկու ժամ բանակցելէ յետոյ «Ազատութիւն»ին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ։

Պաքու եւ Մոսկուա այցելելէ յետոյ երէկ երեկոյեան Զարիֆ ժամանեց Երեւան։ Ըստ ծրագրի, այստեղէն պիտի մեկնի Թիֆլիս, յետոյ Անգարա։

«Իրական հեռանկար տեսնու՞մ էք, որ Հայաստանն ու Իրանը կապուեն երկաթուղով՝ Նախիջեւանի տարածքով», – դիմեցինք Իրանի արտաքին գործոց նախարարին։

«Ի հարկէ, այդ կը բխի Իրանի, Հայաստանի ու ողջ տարածաշրջանի կարիքներէն։ Մենք կ’աշխատինք Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի հետ։ Նախիջեւանով երկաթուղային կապը հնարաւորութիւններէն մէկն է, երկաթուղային հին ուղի մը, որ կը կապէ հիւսիսն ու հարաւը», – արձագանգեց նախարարը։

Մինչեւ Յունուար 30-ը Մոսկուայի մէջ պէտք է կայանայ Ռուսաստանի, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի փոխ վարչապետերու հանդիպումը, ուր պիտի քննարկուին Հարաւային Կովկասի փոխադրային ապաշրջափակման հետ կապուած հարցեր։

Առիթէն օգտուելով, Զարիֆին նաեւ հարցուցինք, թէ Իրանը ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ պիտի կառուցէ ԱՄՆ-ի նոր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի հետ։

«Դեռ չեմ գիտեր», – հակիրճ արձագանգեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։

Հիւրընկալելով իրանցի գործընկերը, ուշագրաւ յայատարութիւն ըրած է նախարար Այվազեան, թէ «Հայաստանը չի համարում, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման եւ ուժի կիրառման արդիւնքները կարող են հիմք ստեղծել տեւական խաղաղութեան համար»։

«Այժմ մեր տարածաշրջանն առերեսւում է նոր լրջագոյն մարտահրաւէրների, որոնք ստեղծուել են ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ուժով լուծելու Ատրպէյճանի վտանգաւոր փորձի արդիւնքում։ Հայաստանը չի համարում, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման եւ ուժի կիրառման արդիւնքները կարող են հիմք ստեղծել տեւական խաղաղութեան համար կամ դիտարկուել որպէս տարածաշրջանային համագործակցութեան հնարաւորութիւն», – ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։

zarif-ayvazian

Իր հերթին Զարիֆ յայտարարած է, որ Թեհրանի համար կարմիր գիծը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն է․ – «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կարեւորութիւն կու տայ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ կը յարգէ ու կը հետեւի, որպէսզի բոլոր ժողովուրդներու կրօններն ու իրաւունքները միշտ պաշտպանուած ըլլան։ Մեր կարմիր գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն է, զոր մենք յստակօրէն ըսած ենք»։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր մեծ տարածաշրջանային այցելութիւնը սկսաւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքէն, ուր, յիշեցնենք, որ հանդէս եկած է աղմկայարոյց յայտարարութեամբ, թէ կը շնորհաւորէ ատրպէյճանցի ժողովուրդին տարածքներու ազատագրման կապակցութեամբ։

Օրուայ երկրորդ կէսին Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆը ընդունեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով, որ Հայաստան – Իրան յարաբերութիւնները հիմնուած են աւանդական բարեկամութեան վրայ։

«Մենք այսօր շատ կարեւոր հարցեր ունենք քննարկելու՝ մեր երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման եւ խորացման հարցը, այդ թւում նաեւ տարբեր հարթակներում մեր համագործակցութեան հարցերը: Ի հարկէ, տարածաշրջանում այսօր առկայ իրավիճակը մեր քննարկումների կարեւոր թեմաներից է լինելու: Տարածաշրջանի կայունութիւնը, խաղաղութիւնը եւ կայուն զարգացումը, կարծում եմ, մեր ընդհանուր հետաքրքրութիւնների տիրոյթում է», – հանդիպման մեկնարկին ըսած է Փաշինեան։

Զարիֆ արձագանգած է. – «Մենք ձեր հետ ունինք ընդհանուր տարածաշրջանային մտահոգութիւններ: Այդ հակամարտութեան առաջին իսկ օրուընէ ե՛ւ ձեր հետ, ե՛ւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու հետ միշտ կապի մէջ եղած ենք եւ կը ցանկանք այդ կապը պահպանել, ունենալով համագործակցութեան հեռանկարներ»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment