Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նուիրական Կտակը

Նուիրական Կտակը

by MassisPost

(Սարգիս Տխրունիի Նահատակութեան 92-րդ Ամեակ)

Հնչակեան երիտասարդութեան փոխանցուած կտակն է այդ: Նուիրական կտակը:

92 տարի առաջ, մռայլ ու ցուրտ գիշեր մը, Պէյրութի գռիհներէն մէկուն անկիւնը դաւադրաբար զգետնուած Սարգիս Տխրունի (Քէտէրեան) կրնա՞ր երեւակայել, թէ ինք սերունդներուն կը թողուր այնպիսի հրիտակ մը, որ հետագային պիտի դառնար ուղեցոյց մը գաղափարանուէր շարքերու: Արիւնլուայ տապալող երիտասարդ մտաւորականը, ուսուցիչն ու գործիչը կրնա՞ր հաւատալ, որ ինք նոր ուղի մը կը բանար բոլոր անոնց՝ որոնք պիտի խտացնէին փաղանգները Հնչակեան Կուսակցութեան:

Դեռ երիտասարդ տարիքին, Կիլիկիոյ մէջ կը նետուէր ազգային-հանրային կեանքին մէջ՝ երդում տալէ ետք հնչակեան դրօշին: Ազգային եւ ընկերային գաղափարներով թրծուած՝ հետզհետէ կը կոփուէր հասարակական ոլորտներու մէջ, իր վրայ սեւեռել տալով ուշադրութիւնը շրջապատին եւ ազգային շրջանակներու:

Ծնած է 1898-ին, Սիս: Ապրած է տեղահանութեան եւ Մեծ Եղեռնին ողջ դառնութիւնը: Ականատես ըլլալով հայութեան տառապանքին տարբեր երեսներուն՝ ուխտած է անկոտրում կամքով ծառայել իր ժողովուրդին՝ իր հնարաւորութեան չափով ամոքելու համար կսկիծները անոր: Ահա թէ ինչու, Տխրունին գտնուած է բեմերու վրայ, մամուլի էջերով, երիտասարդութեան մօտ եւ դպրոցներու մէջ: Խմբագրած է «Տաւրոս» եւ «Սուրիական Մամուլ» թերթերը: Կիլիկիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ իր նկարագրին բնորոշ խիզախութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ եղած է յառաջադէմ պայքարող ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանի ե՛ւ արաբ ժողովուրդին յաջողութեանց ի խնդիր: Բռնատիրութեան դէմ ըլլալով անհանդուրժող, խտրութիւն չդրաւ թրքական իշխանութեանց եւ ֆրանսական գաղութատիրութեան միջեւ, քանի երկուքն ալ հիմնուած էին կեղեքումի եւ չարաշահութեանց վրայ: Համոզուած ընկերվարական գործիչը հայրենասիրութեան զուգահեռ՝ ջատագովեց ընկերային ու մարդկային արդարութիւնը: Բայց, իր հիմնական առաքելութիւնը համարելով փթթող սերունդը՝ իր գորովանքին էութիւնը համարեց հայրենասէր երիտասարդներու եւ ուսանողներու պատրաստութիւնը: Տեսաւ ուռճացող վաղուան հայորդիները:

Այդ օրերու վտանգաշատ թոհուբոհին մէջ, չթեքող կաղնիի նման, մնաց իր սկզբունքներուն հաւատարիմ: Քաջաբար եւ արիասիրտ ոգիով ճակատեցաւ միշտ, մինչեւ որ ֆրանսական իշխանութիւններ աքսորեցին զինք Արուատ կղզի: Ազատ արձակուելէ յետոյ, մի՞թէ պիտի ընկճուէր Տխրունին. ան կրնա՞ր մնալ ձեռնածալ եւ հանդիսականի նման: Ի հարկէ՝ ոչ: Շարունակելով իր առաքելութիւնը, այս անգամ Պէյրութի մէջ, առաւել զայրացուց հայ կեանքի եւ օտարազգի հակառակորդները, որոնք նենգաբար վճռեցին մարմնապէս վերջ տալ այն սիրուած եւ յարգուած գործիչին՝ որ կը սիրէր լուսաւորել շրջապատը հայրենիքի իրականութեամբ եւ զարթնեցնել աշխատաւոր ու ճնշեալ խաւերը ընկերային հաւասարութեան գիտակցութեամբ: Աւելին, առկայծել սիրտերն ու միտքերը շուարուն եւ ուղեմոլոր երիտասարդութեան: Այդ եղբայրասպան գնդակները արձակուեցան 17 Յունուար 1929-ին՝ ասկէ 92 տարիներ առաջ: Ցաւ ի սիրտ, ոչ առաջինն էին եւ աւա՜ղ չեղան վերջինները նաեւ…: Այսպէս կը յուշագրէ հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեան. «Նոր սերունդը չտեսաւ ու չճանչցաւ Սարգիս Տխրունին: Մեր սերունդն անգամ, հակառակ Տխրունիին ժամանակակից ըլլալուն, գիտակցական տարիքով եւ մտային կարողութեամբ դեռ չկազմուած ի վիճակի չէր կշռելու անոր արժէքը, մանաւանդ որ դժբախտ գործիչը, ինքն իսկ երիտասարդ, դեռ չէր հասած իմացական իր լիութեան երբ եղերականօրէն խզուեցաւ կեանքին թելը»:

Հնչակեան Կուսակցութեան երիտասարդութեան պանթէոնը հանդիսացաւ անոր դամբանը՝ ուր որպէս ուխտատեղի կ’այցելեն Տխրունիականներ՝ երգելու՝ «երդում կու տանք, շիրմիդ առաջ, մայր դրօշին հնչակեան»: Այդ երդումը կտակի մը հաւատարմութեան կը վերաբերի անտարակոյս: Կտակ մը, որ նուիրական կը մնայ տասնամեակներէ ի վեր եւ պիտի մնայ այդպիսին:

Արդարեւ, ո՞րն է էութիւնը այդ կտակին: Պարզ ու մեկին՝ ըլլալ օրինակելի գաղափարապաշտ հնչակեան, ինչպէս որ էր նոյնինքն Ս. Տխրունին: Եւ այդ օրինակելիութիւնը ունէր երեք հիմնասիւներ՝ հայրենասիրութիւն, քաղաքացիական գիտակցութիւն եւ ընկերվարականի համեստութիւն:

Հայրենիքի գոյութեան փաստը պիտի գօտեպնդէ հանուր հայութիւնը որպէս լուսաւոր եւ անսակարկելի կռուան: Այդ առանցքին շուրջ պարտինք խմբուիլ՝ առանց պայմանաւորելու հոն տիրող իշխանութիւնները կամ վարչակարգը: Ի վերջոյ հոն է վերջին հանգրուանը իւրաքանչիւր հայու եւ հոն է որ պիտի կերտուին ազգին վաղուան արշալոյսները՝ քանզի «Արարատի փէշերուն» հաստատուած վրաններն են ապահովագոյն գրաւականները հայոց լինելութեան: Ոմանց թերահաւատութիւնն ու տարակուսանքը ջրեց Տխրունին իր յանդուգն եւ ինքնավստահ ելոյթներով: Մնաց այդ սկզբունքին վրայ՝ մինչեւ նահատակութիւն:

Դժբախտ պայմաններու բերումով, ակամայից, գտնուելով օտար միջավայրերու եւ ասպնջական երկիրներու մէջ, ըլլալ երախտագէտ եւ մասնակցիլ անոնց ազատագրական ձգտումներուն, յարգել եւ զօրակցիլ հիւրընկալ ժողովուրդներու եւ յատկապէս արաբ ժողովուրդին, որ այդ շրջանին պայքար կը մղէր օտար լուծի դէմ: Տխրունին ճնշեալ ժողովուրդներու բարեկամութեան ջատագովն էր: Այդ պատճառով աւելի եւս դարձաւ աչքին փուշը հալածապաշտ ուժերու: Ան կտակելով քաղաքացիական գիտակցութեան դասը՝ հայութեան արժանապատուութիւնը բարձր պահեց յաչս արաբ մաքառող զանգուածներու: Մի՞թէ այս վարքագիծը պէտք չէ ըլլայ մնայուն ուղեգիծ:

Այդ օրերուն հայութեան կարեւոր տոկոսը կ’ապրէր թշուառութեան եւ զրկանքներու մէջ: Ան եղաւ այդ իրաւազուրկ խաւերուն ջերմ պաշտպանը: Վաշխառուներու դէմ իր պոռթկումները հիմնուած էին ժուժկալ եւ խոնարհ գաղափարական մարդու գիտակցութենէն. իր ստացած ուղղադաւան ընկերվարականի դաստիարակութենէն: Համեստ խաւերը բնական եւ տրամաբանական դաշնակիցներն են իսկական յառաջդիմականին, որ իր պինդ կեցուածքով ուժ եւ աւիշ կը ներարկէ արդարութեան հետամուտ անզէն բանակներու:

Այս նուիրական կտակին կէտերը իրականութիւն չեն դառնար առանց պայքարի եւ ճշմարտախօսութեան: Ան պատնէշի վրայ մնալով՝ չլքեց անհաւասար գուպարը: Անսպառելի եռանդն ու ոգին շռայլեց յանուն անոնց կենսակոչման: Եւ այդ ուղիին վրայ ալ ինկաւ՝ բռնելով անմահութեան ճանապարհը: Ան իր բոսոր արեամբ, հնչակեանավայել խրոխտութեամբ կոթողեց իր պատուանդանը՝ միշտ ուղեցոյց մնալով հնչակեան երիտասարդութեան համար:

Սարգիս Տխրունիի յետնորդները ժառանգեցին անոր կտակը, որ իրաւամբ դարձաւ նուիրական իրերայաջորդ սերունդներու համար:

Յարգա՛նք մեծ ուսուցիչին եւ անոր կտակին: Անմա՛հ է Սարգիս Տխրունին:

«ԱՐԱՐԱՏ» ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment