Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ը Բացայայտած է Մարտի Դաշտէն Ապօրինի Կերպով Զէնք Ձեռք Բերելու եւ Պահելու Յանցաւոր Խումբ

ԱԱԾ-ը Բացայայտած է Մարտի Դաշտէն Ապօրինի Կերպով Զէնք Ձեռք Բերելու եւ Պահելու Յանցաւոր Խումբ

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը հաղորդէ, որ բացայայտած է իրացնելու նպատակով մարտի դաշտէն ապօրինի կերպով զէնք ձեռք բերելու եւ պահելու յանցաւոր խումբ:

Ըստ հաղորդագրութեան, մասնաւորապէս, Երեւան քաղաքի բնակիչ Ս.Բ.-ն 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին որպէս կամաւոր մասնակցելով Արցախի դէմ սկսուած պատերազմական գործողութիւններուն, շարք մը անձանց հետ ձեռք բերուած նախնական համաձայնութեամբ, իրացման նպատակով, ապօրինի ձեռք բերած է հրազէն հանդիսացող ինքնաձիգներ, որոնք Արցախէն փոխադրած եւ պահած է Երեւան գտնուող իր բնակարանը, որմէ յետոյ՝ 2020-ի Նոյեմբեր 3-ին, իւրաքանչիւր ինքնաձիգը 500-600 ԱՄՆ տոլար գումարով վաճառելու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած է տարբեր անձերու հետ:

ԱԱԾ-ը կը նշէ, որ դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեամբ կատարուած միջոցառումներու հետեւանքով, մասնաւորապէս՝ Ս.Բ-ի բնակարանէն ներս կատարուած խուզարկութեամբ յայտնաբերուած եւ առգրաւուած են «Քալաշնիքով» տեսակի ինքնաձիգներ, ռազմամթերք հանդիսացող փամփուշտներ եւ շրջանառութիւնը արգիլուած այլ իրեր:

Քրէական գործին մէջ, որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած Ս.Բ.-ին հրազէնները իրացրած անձի ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած բազմատեսակ քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու հետեւանքով, ինչպէս կը նշէ ԱԱԾ-ը, Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղ գտնուող թաքստոցներուն մէջ յայտնաբերուած է մարտի դաշտէն իրացման նպատակով ապօրինի ձեռք բերուած եւ պահուած ռազմամթերք հանդիսացող մեծաքանակ փամփուշտներ, հրազէն հանդիսացող ինքնաձիգներ եւ շրջանառութիւնը արգիլուած բազմաթիւ այլ իրեր ու առարկաներ:

Մասնաւորապէս, ըստ ծառայութեան, յայտնաբերուած են մարտի դաշտէն ապօրինի ձեռք բերուած եւ Հայաստան ապօրինի տեղափոխուած ընդհանուր թիւով 43 հատ «Քալաշնիքով» տեսակի ինքնաձիգներ, 279 հատ 7.62 մմ տրամաչափի փամփուշտներ, 7 հատ փամփշտատուփ` լիցքաւորուած 7.62 մմ տրամաչափի փամփուշտներով, 23 հատ փամփշտատուփ` լիցքաւորուած 5.45 մմ տրամաչափի փամուշտներով, սուին դանակներ, զինուորական կողապայուսակներ, ատրճանակի պատեաններ, 1 հատ փամփշտատուփ՝ թիւով 8 հատ 9 մմ տրամաչափի փամփուշտներով, թիւով 32 հատ փակ տուփերով փոքր չափերու փամփուշտներ, ինքնաձիգներու նշանառութեան համար նախատեսուած տեսողական սարքեր, որսորդական հրացաններ, 227 հատ 7.62 մմ տրամաչափի փամփուշտներ, 1033 հատ 5.45 մմ տրամաչափի փամփուշտներ, 1 հատ նռնակ, որսորդական հրացանի փողեր եւ այլն:

ԱԱԾ-ը կը հաղորդէ, որ կը շարունակէ ձեռնարկել աշխոյժ անմիջական հետախուզական միջոցառումներ մարտի դաշտէն ապօրինի կերպով Հայաստանի տարածք տեղափոխուած հնարաւոր այլ զէնքերն ու զինամթերքները յայտնաբերելու եւ ներգրաւուած բոլոր անձանց նկատմամբ քրէական հետապնդումներ յարուցելու համար:

Միեւնոյն ժամանակ ծառայութիւնը կը յորդորէ մարտերուն մասնակցած եւ ռազմական գործողութիւններու ժամանակահատուածին կամ հրադադարի հաստատումէն յետոյ իրենց հետ Հայաստանի տարածք ապօրինի փոխադրած եւ պահած զէնք-զինամթերքը, պայթուցիկ նիւթերը կամ սարքերը ինքնակամ յանձնել իրաւապահ մարմիններուն, որպէսզի գործողութիւնները օրէնքով սահմանուած կարգով հիմք հանդիսանան անձին քրէական պատասխանատուութենէն ազատելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment