Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանութիւնները կը Նախատեսեն COVID-19-ի Դէմ Պատուաստի Առաջին Խմբաքանակը Բերել Ամենաուշը Մէկ Ամիսէն

Իշխանութիւնները կը Նախատեսեն COVID-19-ի Դէմ Պատուաստի Առաջին Խմբաքանակը Բերել Ամենաուշը Մէկ Ամիսէն

by MassisPost

Իշխանութիւնները կը նախատեսեն ամենաուշը մէկ ամիսէն «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստի առաջին խմբաքանակը Հայաստան բերել, Առողջապահութեան նախարարութիւնը առայժմ չէ մանրամասնած, թէ այժմ կիրառուող պատուաստներէն որ մէկը պիտի գնէ։

Նախարարութիւնը կը նախատեսէ առաջին հերթին COVID-ի դէմ պատուաստել վտանգի ենթակայ խումբին պատկանող քաղաքացիները։ Այսօր՝ Յունուար 18-ին «Ազատութիւն»ի հարցերուն պատասխանած տարեց քաղաքացիները կը հետեւին պատուաստներու վերաբերեալ նորութիւններուն, անոնցմէ շատեր կը ցանկան պատուաստուիլ: Շատեր կողմնորոշուած են պատուաստներու տեսակներու հարցով. «Ռուսականը եւ ամերիկեանն է լաւ» ըսած են:

Ռուսականը «Սփութնիք V»-ն է, ամերիկեանը՝ «Մոտերնա»-ն, միւս երկու տարբերակները բրիտանական AstraZeneca-ն ու գերմանական BioNTech/Pfizer-ն են։ Առողջապահութեան նախարարութեան ընտրութիւնը առաջին խմբաքանակի համար այս պատուաստներէն որեւէ մէկը կրնայ ըլլալ, այդ նպատակով Հայաստան արդէն պայմանագիր կնքած է միջազգային Covax facility նախաձեռնութեան հետ, որ անձամբ կը բանակցի պատուաստ արտադրողներուն հետ։

Հայաստան պետական պիւտճէէն 6 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ՝ Covax facility-էն բնակչութեան 10 տոկոսի չափով պատուաստ ձեռք բերելու համար։

Մինչ նախարարութիւնը պատուաստ ձեռք բերելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ, գերմանական BioNTech/Pfizer ընկերութիւնը մէկ ամիսով կրկնակի կը կրճատէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստներու արտադրանքը՝ Փետրուարի կէսէն արտադրութեան ծաւալները նոր թափով՝ քանի մը անգամ աւելցնելու նպատակով։

«Ազատութիւն»ի հետ զրոյցներուն, որոշ քաղաքացիներ ըսին՝ առայժմ չեն կողմնորոշուած պատուաստուելու հարցով՝ աւելցնելով թէ կը դիմեն այդ քայլին, երբ վստահ ըլլան դեղամիջոցներու արդիւնաւէտութեան ու անվնաս ըլլալու հարցով։ Պատուաստուելուն կտրականապէս դէմ արտայայտուողներ ալ կային:

Իսկ COVID-ը կը շարունակէ կեանքեր խլել. վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով Հայաստանի մէջ 13 մարդ մահացած է, եւս երկու վարակակիր մահացած են այլ պատճառներով։ «Քորոնա» ժահրի պատճառով Հայաստանի մէջ մահացածներու ընդհանուր թիւը կը մօտենայ 3000-ի, անոնց զգալի մասը վտանգի ենթակայ խումբին պատկանող տարեցներ էին։ Գրեթէ մէկ տարի առաջ սովորական կեանքը հիմնովին փոխած COVID-ը ամբողջ աշխարհով աւելի քան 2 միլիոն մարդու կեանք խլած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment