Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նոյեմբեր 10-Ի Գիշերը Զանգուածային Անկարգութիւններու Փաստերով 4 Քրէական Գործ Ուղարկուած Է Դատարան

Նոյեմբեր 10-Ի Գիշերը Զանգուածային Անկարգութիւններու Փաստերով 4 Քրէական Գործ Ուղարկուած Է Դատարան

by MassisPost

Նոյեմբերի լոյս 10-ի գիշերը մարզերու եւ Երեւանի մէջ կատարուած զանգուածային անկարգութիւններու փաստերով 14 անձի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեամբ 4 քրէական գործ ուղարկուած է դատարան, կը տեղեկացնէ գլխաւոր դատախազութիւնը:

Դատախազութիւնը կը յիշեցնէ, որ եռակողմ յայտարարութիւնը զանգուածային լրատւութեան միջոցներով հրապարակուելէն յետոյ ՀՀ տարբեր տարածքներու, յատկապէս Երեւանի մէջ գտնուող կառավարութեան, Ազգային ժողովի շէնքերուն եւ պետական նշանակութեան այլ կառոյցներու ու հասարակական վայրերու մէջ կազմակերպուած եւ իրագործուած են բռնութիւն գործադրելով, ջարդելով, գոյք ոչնչացնելով, վնասելով կամ իշխանութեան ներկայացուցչին զինուած դիմադրելով արտայայտուած զանգուածային անկարգութիւններ, հնչած են սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր, ինչպէս նաեւ տեղ գտած են ԱԺ-ին եւ Կառավարութեանը որոշակի գործողութիւններ պարտադրելու, բնակարան ապօրինի մուտք գործելով ուրիշի գոյքի ու փաստաթուղթերու բացայայտ յափշտակութիւններու դէպքեր:

Այդ առթիւ 2020-ի Նոյեմբեր 10-ին ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ: Ըստ դատախազութեան հաղորդագրութեան` նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեամբ բազմաթիւ անձինք նշուած գործով ներգրաւուած են որպէս մեղադրեալ:

«Զանգուածային անկարգութիւնների ժամանակ դրանց մասնակիցների կողմից գոյք ոչնչացնելու, վնասելու, անձանց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու կոչերի, ուրիշի գոյքի եւ փաստաթղթերի բացայայտ յափշտակութիւնների վերաբերեալ 14 անձի նկատմամբ անջատուել է 4 քրէական գործ, որոնցով նախաքննութիւնն աւարտուել է», – կը յայտնէ դատախազութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment