Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանէն Ներս Կայացաւ Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Գագիկ Ծառուկեանի Հանդիպումը

Խորհրդարանէն Ներս Կայացաւ Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Գագիկ Ծառուկեանի Հանդիպումը

by MassisPost

Խորհրդարանէն ներս կայացաւ վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ: Հանդիպումէն յետոյ Ծառուկեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ պնդած է, թէ իրենց օրակարգը չէ փոխուած, եւ ըսած է այն ամէնը, ինչ որ կ’ըսեն խորհրդարանի պատերէն դուրս, այսինքն` կը պահանջեն վարչապետի հրաժարականը:

Գագիկ Ծառուկեան շեշտեց, թէ ըսած է, որ արտահերթ ընտրութիւնները իրենց համար ընդունելի կ’ըլլան, եթէ Նիկոլ Փաշինեան չմնայ վարչապետ:

Վարչապետի հետ նաեւ հանդիպած է «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը միացած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման», որ կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ դէմ է արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու վարչապետի առաջարկին։ Շարժման վարչապետի թեկնածուն՝ Վազգէն Մանուկեանն է: Ըստ անոնց, պէտք է Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական տայ, ընտրուի ժամանակաւոր վարչապետ եւ մէկ տարի անց միայն կազմակերպուին արտահերթ ընտրութիւններ։

Թէ ինչո՞ւ շարժման միացած «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը որոշած է հանդիպիլ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, դեռ չեն մեկնաբաներ ո՛չ «Իմ քայլ»ը եւ ո՛չ ԲՀԿ-ն։

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը կը պահանջէ նաեւ Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը։ ԼՀԿ-ի վարչապետի թեկնածուն խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանն է։

Արտահերթ ընտրութիւններու օրակարգով քաղաքական ուժերու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ուժերու հետ հանդիպման մասին խօսեցաւ նաեւ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ՝ Ալեն Սիմոնեան, յստակ ժամկէտ չնշելով, թէ իշխանութիւնը երբ կը նախատեսէ կատարել արտահերթ ընտրութիւններ։

«Օր առաջ ընտրութիւններ են պէտք, եւ դա պէտք է բոլորին, նաեւ իշխանութեանը։ Ինչ վերաբերում է ժամկէտներին, դրանք կախուած են շատ տարբեր տեխնիկական եւ քաղաքական լուծումներից, որովհետեւ այդ ժամկէտները պէտք է համաձայնեցուած լինեն նաեւ մեր գործընկերների հետ», – նշեց Սիմոնեան։

Լրագրողներու դիտարկման, որ ընդդիմութեան օրակարգին վրայ հիմա վարչապետի հրաժարականն է, Ազգային ժողովի փոխխօսնակը պատասխանեց. «Շատ նորմալ է, որ ընդդիմութեան համար իշխանութեան գործող ղեկավարի հրաժարականն առաջնային թեմա է, շատ նորմալ է, որ իրենք իրենց ղեկավարներին են տեսնում որպէս ղեկավար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment