Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամանորեայ Փաթեթներ Արցախէն Տեղահանուած Ընտանիքներու Համար

Ամանորեայ Փաթեթներ Արցախէն Տեղահանուած Ընտանիքներու Համար

by MassisPost

Արցախէն տեղահանուած շուրջ 700 ընտանիք կը շարունակէ բնակիլ Գեղարքունիքի մարզի 40–էն աւելի համայնքներու մէջ:

Հաշուի առնելով տեղահանուածներու ընկերային ծանր վիճակը՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Ամանորին ընդառաջ սնունդի եւ տնտեսական պարագաներու փաթեթներ տրամադրած է այս ընտանիքներուն:

Գաւառի, Մարտունիի եւ Սեւանի տարածաշրջաններու 9 համայնքներու մէջ ապաստանած 207 ընտանիքները արդէն ստացած են այս փաթեթները, որոնք կը ներառեն թարմ միս, բանջարեղէն, միրգ, աղանդեր, հիւթեր եւ առաջին անհրաժեշտութեան տնտեսական պարագաներ:

Նման փաթեթներ ստացած են նաեւ Վարդենիսի 34 համայնքներու մէջ ապաստանած արցախցի մեր հայրենակիցները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment