Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼՀԿ-ի Նախագիծով Առաջարկուած Է Ստեղծել Պատերազմի Պատճառներն Ու Պարտութիւնը Ուսումնասիրող Փաստահաւաք Խումբ

ԼՀԿ-ի Նախագիծով Առաջարկուած Է Ստեղծել Պատերազմի Պատճառներն Ու Պարտութիւնը Ուսումնասիրող Փաստահաւաք Խումբ

by MassisPost

Նպատակ ունենալով յատնաբերել ճշմարտութիւնը պատերազմի պատճառներու եւ պատերազմին կրած պարտութեան վերաբերեալ՝ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ մշակուած է Փաստահաւաք խումբ ստեղծելու մասին նախագիծ, կը տեղեկացնէ խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան:

Ըստ այդ նախագծին՝ փաստահաւաք խումբին մէջ ներկայացուցիչներ կ’ունենան վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած եւ առաջին 6 տեղերը գրաւած քաղաքական ուժերը (3 խորհրդարանական ուժ՝ 4-ական ներկայացուցիչներով, 3 արտախորհրդարանական ուժ՝ 1-ական ներկայացուցիչներով), ինչպէս նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (ընդհանուր՝ 16 անդամ)։

Ըստ նախագիծին՝ Փաստահաւաք խումբի ուսումնասիրման առարկան է պատերազմական գործողութիւններու ընթացքը, պատերազմին նախորդող շրջանի իրադարձութիւնները (անոնց կարգին՝ դիւանագիտական հարթութիւնով, սպառազինութեան ձեռքբերման առումներով եւ այլն), որոնք կարող էին հիմք ծառայել պատերազմը սկսելու եւ պարտուելու համար, պատերազմէն ետք եռակողմ ստորագրուած յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններու եւ տեղի ունեցող հանգամանքները, ինչպէս նաեւ պատերազմի ուղղակի հետեւանքը հանդիսացող այլ իրադարձութիւնները։

Էտմոն Մարուքեան նշած է, որ փաստահաւաք խումբը իր գործունէութեան արդիւնքները Ազգային ժողովին կը ներկայացնէ զեկոյցով, ուր կը ներկայացուին պատերազմի ընթացքի, նախապատերազմեան եւ յետպատերազմեան փուլերու իրադարձութիւններուն վերաբերող փաստերու շարադրանքը, զանոնք հիմնաւորող ապացոյցները եւ անոնց վերաբերեալ փաստահաւաք խումբի անդամներուն տրուած մեկնաբանութիւնները:

«Բնականաբար մենք գիտակցում ենք, որ այս զեկոյցը կարող է ունենալ կարեւոր իրաւաքաղաքական հետեւանքներ եւ որ դրա շուրջ աշխատանքները պէտք է իրականացուեն հնարաւորինս անաչառ եւ մանրամասն, ըստ այդմ՝ փաստահաւաք խմբի աշխատանքների համար նախատեսուել է մինչեւ 10 ամիս ժամանակ», – գրած է պատգամաւորը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment