Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 100-էն Աւելի Հադրութցիներու Տրամադրուած Է Ժամանակաւոր Կացարան Համահայկական Հիմնադրամի Աջակցութեամբ

100-էն Աւելի Հադրութցիներու Տրամադրուած Է Ժամանակաւոր Կացարան Համահայկական Հիմնադրամի Աջակցութեամբ

by MassisPost

Պատերազմի հետեւանքով բազմաթիւ արցախցիներ մնացին անտուն՝ թշնամիին թողնելով իրենց ողջ գոյքն ու տարիներու ստեղծածը: Տեղահանուած արցախցիներէն շատեր կը շարունակեն մնալ Հայաստան՝ ապաստանելով տարբեր ժամանակաւոր կացարաններ, հիւրատներ եւ հիւրանոցներ։

Հիմնադրամը յանձն առած է Հատրութցի ընտանիքներու կեցութեան եւ սնունդի կարիքներու լուծումը. 100–էն աւելի արցախցիներ ժամանակաւորապէս բնակութիւն հաստատած են տարբեր հիւրանոցներ՝ յոյս ունենալով, որ շուտով բոլոր դժուարութիւնները անցեալ կը դառնան:

Ի դէպ, օրեր առաջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի փոխտնօրէն՝ Արարատ Խլղաթեան այցելած էր Արցախ եւ հանդիպած պետական նախարար՝ Կրիկորի Մարտիրոսեանի եւ ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար՝ Արամ Սարգսեանի հետ: Քննարկուած են համահայկական հիմնադրամի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքն ու նոր ծրագիրներու գործարկման մանրամասները:

«Հիմնադրամը կը փորձի ֆինանսաւորել պատերազմի հետեւանքով տուժած տների ու բնակարանների վերանորոգումը: Այս ծրագրի իրականացման համար Հիմնադրամը շուրջ 2 միլիոն ԱՄՆ տոլար կը ներդնի»,– ըսած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեան:

Համահայկական Հիմնադրամը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան՝ նպաստելով Հայաստանի եւ Արցախի փոխկապակցուած զարգացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment