Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եկեղեցին Հեռու Պահել Քաղաքականութենէն

Եկեղեցին Հեռու Պահել Քաղաքականութենէն

by MassisPost

Հայաստան կը բոլորէ տագնապալի օրեր: Ներքաղաքական կեանքը կ՛անցնի փոթորիկներու ընդմէջէն, որուն առանցքը կը կազմէ ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցած՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը, որ առայժմ հասարակութեան մօտ չունի մեծ ընկալում:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ուշագրաւ է բարձրաստիճան եկեղեցականներու արտասովոր ու որոշ չափով զարմանալի մասնակցութիւնը քաղաքական գործընթացներուն: Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը միացաւ վարչապետի հրաժարականը պահանջողներուն, այդպիսով իսկ բացայայտ կողմնորոշուելով հայութեան մէկ հատուածին հետ՝ ընդդէմ միւս հատուածին: Վեհափառի այս կեցուածքը կը շարունակէ քննարկման առարկայ դառնալ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին: Շատերու կարծիքով Կաթողիկոսը պէտք է վեր մնար ներքին տարակարծութիւններէն եւ բաւարարուէր համերաշխութեան ու միասնականութեան կոչերով՝ առանց մտնելու քաղաքականութեան նեղ արահետներուն մէջ:

Եթէ պահ մը ենթադրենք որ, Հայութեան գլխուն եկած վերջին աղէտը աննախադէպ էր եւ Վեհափառը պատճառ ունէր նման քայլի դիմելու, սակայն միւս կողմէ ոչ մէկ ձեւով արդարանալի են այլ եկեղեցականներու այս օրերուն ունեցած տխուր դերակատարութիւնը՝ հասարակութեան մէջ պառակտում սերմանելու եւ շիկացած մթնոլորտը աւելի քրքրելու առումով: Շիրակի թեմի առաջնորդը կը մերժէ մասնակցիլ երկրաշարժի տարելիցին առթիւ հոգեհանգիստին, քանի որ հոն ներկայ է Նիկոլ Փաշինեանը: Աւելի, ան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը մասնակցի ընդդիմադրութեան հանրահաւաքին՝ ունենալով քաղաքական ելոյթ: Նոյնը կ՛ընեն այլ կղերականներ եւս ցուցադրաբար քալելով ընդդիմադրութեան դէպի Եռաբլուր երթի առաջին շարքէն, իսկ օր մը ետք կը բացակային աւելի բազմամարդ սգոյ արարողութենէն:

Վերջին օրերուն ուշագրաւ դէպք պատահեցաւ նաեւ Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին, երբ քահանաներէն մին մերժեց ձեռնուիլ վարչապետին հետ եւ նոյնիսկ յանդգնութիւնը ունեցաւ զինք եկեղեցիէն դուրս հրաւիրելու: Այս միջադէպէն ետք շրջանի ժողովուրդէն շատեր հաւաքուեցան եկեղեցւոյ առջեւ՝ պահանջելու համար ՏԷր Հօր հեռացումը, ինչ որ ստիպեց Սիւնեաց Թեմի առաջնորդական փոխանորդին հանդէս գալու պաշտօնական յայտարարութեամբ՝ դէպքը վերագրելով անհասկացողութեան:

Այս ու նման իրադարձութիւններ պէտք է զգաստութեան մղեն Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն: Ոեւէ մէկուն համար հաճելի չէ ընկերային ցանցերու վրայ տեսնել հայհոյախառն քննադատութիւններ կրօնականներու հասցէին: Բոլորիս աչքերուն առջեւ անջրպետը կը խորանայ ժողովուրդի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ: Քաղաքականութեամբ զբաղող մարդիկ վաղը կը լուծեն իրենց հարցերը ու այսօրուայ հակառակորդները կը դառնան դաշնակիցներ, իսկ եկեղեցականները ընդմիշտ կը զրկուին իրենց հօտի աչքերուն մէջ նայելու քաջութենէն:

Այս իրողութիւններուն առջեւ Վեհափառ Հայրապետին կը մնայ պարտադրել իր հոգեւորական դասին՝ դուրս գալու քաղաքականութենէն ու հետեւելով Աւետարանի խօսքերուն, քարոզել՝ համերաշխութիւն, սեր եւ միաբանութիւն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment