Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ձերբակալուած է «Ազգային Անվտանգութիւն» Կուսակցութեան Նախագահ՝ Գառնիկ Իսագուլեան

Ձերբակալուած է «Ազգային Անվտանգութիւն» Կուսակցութեան Նախագահ՝ Գառնիկ Իսագուլեան

by MassisPost

Ձերբակալուած է «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Գառնիկ Իսագուլեան՝ բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու կասկածանքով, կը յայտնէ Քննչական կոմիտէն (ՔԿ):

ՔԿ-ն կը հաղորդէ, որ Youtube-ով, «Նիկոլին գնդակահարողին պէտք է տալ Ազգային հերոսի կոչում կամ մէկ միլիոն տոլար պարգեւավճար» վերնագրով տեսանիւթին մէջ «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահի կողմէ բռնութեան կոչեր հնչեցնելու առթիւ, կը քննուի քրէական գործ, քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու շնորհիւ պարզուած է, որ Իսագուլեան ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի վարչապետի նկատմամբ քաղաքական ու այլ հայեացքներով պայմանաւորուած հրապարակայնօրէն հնչեցուցած է բռնութեան կոչեր:

«Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահը ձերբակալուած է Քրէական օրէնսգրքի 226.2-րդ յօդուածի (Անձի կամ անձանց խումբի նկատմամբ սեռով, ցեղով, մաշկի գոյնով, ցեղային կամ ընկերային ծագումով, ծինաբանական յատկանիշներով, լեզւով, կրօնով, աշխարհայեացքով, քաղաքական կամ այլ հայեացքներով, ազգային փոքրամասնութեան պատկանելիութեամբ, գոյքային վիճակով, ծնունդով, հաշմանդամութեամբ, տարիքով կամ անձնական կամ ընկերական բնոյթի այլ հանգամանքներով պայմանաւորուած բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերը, նման բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը) 1-ին մասով նախատեսուած առերեւոյթ յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment