Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ, Որ Կը Մերժէ Ընդունիլ Պարտութիւնը

Նախագահ, Որ Կը Մերժէ Ընդունիլ Պարտութիւնը

by MassisPost

Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը որպէս Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ դարձաւ պաշտօնական: Երկուշաբթի օր, երկրի բոլոր` 50 նահանգներուն մէջ ընտրիչները հաւաքուեցան նահանգային խորհրդարաններուն մէջ կատարելու համար իրենց սահմանադրական պարտականութիւնը` քուէարկելով այն թեկնածուին, որ առաւելագոյն թիւով ձայներ ստացած էր իրենց նահանգին մէջ: Օրենքի պահանջ նկատուող այս քայլէն ետք վերջնականապէս հաստատուեցաւ որ, Պայտըն եւ փոխ նախագահի թեկնածու Քամալա Հարրիս ստացած են 306 ընտրական ձայն, իսկ այժմու նախագահ Տանոլտ Թրամփ եւ փոխ նախագահ Մայք Փենս ստացած են 232 ընտրական ձայն:

Այսպիսով, վերջնականապէս փակուած կը նկատուի նախագահական ընտրութիւններու էջը ու կը մնայ որ յառաջիկայ Յունուար 20-ի կէսօրուայ ճիշդ 12-ին, Ճօ Պայտըն տայ իր նախագահական երդումը, այդ պահէն սկսեալ ստանձնելով երկրի ղեկավարի լիազօրութիւնները ու անցնի իր պարտականութիւններու կատարման: Մինչ այդ, կ՛ակնկալուի որ, նախագահ Թրամփ դուրս եկած ըլլայ Սպիտակ Տունէն, որպէսզի նոր նախագահը ժամանէ այնտեղ:
Անցեալին, ընտրիչներու ժողովներն ու արարողութիւնները չէիր արժանանար որեւէ ուշադրութեան, քանի որ այդ քայլերը կը նկատուէին ձեւական: Սակայն, նախագահական վերջին ընտրութիւններէն վեց շաբաթ ետք, Տանոլտ Թրամփ կը շարունակէ մերժել հրապարակուած արդիւնքները ու իր պարտութիւնը, անհիմն կերպով պնդելով որ բազմաթիւ նահանգներու մէջ քուէարկութիւնները կեղծուած են:

Նոյեմբեր 3-ի ասդին, Թրամփի փաստաբանները տարբեր մակարդակներու դատարաններու մօտ ներկայացուցին յիսունէ աւելի դատեր, որոնք բոլորն ալ մերժուեցան՝ փաստերու բացակայութեան պատճառաւ՝ նոյնիսկ Թրամփի կողմէ նշանակուած դատաւորներուն կողմէ: Գործող նախագահին երկու անգամ միաձայնութեամբ մերժեց նաեւ Ամերիկայի Գերագոյ Դատարանը, որու իննը անդամներէն վեցը նշանակուած են Հանրապետական նախագահներու կողմէ, իսկ երեքը իր իսկ կողմէ:

Արդարադատութեան թիւ մէկ պատասխանատու՝ Գլխաւոր Դատախազ Պիլ Պարր, որ կը նկատուէր Թրամփի գլխաւոր աջակիցներէն մէկը, յայտարարեց որ լայնածաւալ ընտրակեղծիքներու փաստեր չեն յայտնաբերուած: Ազգային Ապահովութեան մարմինները եւս նոյնը հաստատեցին:

Չբաւարարուելով՝ Թրամփ անձնապէս ճնշում կը բանեցնէ Հանրապետական կառավարիչներու եւ ընտրեալ պաշտօնեաներու վրայ, որպէսզի իրենց նահանգներուն մէջ ընտրութիւններու արդիւնքները շրջելով, զինք հռչակեն յաղթական: Սակայն, այդ պաշտօնեաները կը մերժեն կատարել նախագահի անօրինական պահանջները: Անոնցմէ շատեր այս օրերուն մահուան սպառնալիքներ կը ստանան ու սկսած են շրջիլ թիկնապահներով:

Այսպէս, Թրամփ կը շարունակէ մոլորեցնել իր հետեւորդները եւ թերահաւատութեան մթնոլորտ կ՛ստեղծէ Ամերիկեան ընտրութիւններու արդարութեան շուրջ: Իր կողմնակիցներէն աւելի ծայրայեղները քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիքներ կը հնչեցնեն, իսկ ուրիշներ անջատումի կոչեր կ՛ընեն:

Ամերիկայի պատմութեան մէջ եղած են բազմաթիւ խնդրայարոյց նախագահական ընտրութիւններ, սակայն միշտ ալ պարտուող թեկնածուն շնորհաւորած է յաղթողին ու տեղի ունեցած է իշխանութեան սահուն եւ խաղաղ փոխանցումը նոր նախագահին: Տանոլտ Թրամփի պարագային ամէն ինչ շրջուած է: Ինչպէս իր պաշտօնավարման չորս տարիները եղան քաոսային, իր հեռանալը եւս դարձած է տագնապալից: Կեղծիքներու մասին իր պնդումներով, Թրամփ կը խարխլէ հաւատքը ընտրական գործընթացներուն նկատմամբ, որոնք կը նկատուին երկրի ժողովրդավարութեան հիմնաքարը:

Վերջին չորս տարիները եկան փաստելու թէ, որքան որ ալ ուժեղ ըլլան Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական հաստատութիւններն ու հիմունքները եւ պաշտպանուած՝ ղեկավարի մը անօրինականութիւններուն դէմ, մենատիրական հակումներով նախագահ մը կրնայ իր սանձարձակ քայլերով ջլատել այդ բոլորը ու երկիրը տանիլ դէպի վտանգաւոր տեղեր:

Այսպէս թէ այնպէս, մօտ օրէն Թրամփ պիտի հեռանայ Սպիտակ Տունէն, սակայն մտահոգութիւն կայ, որ «թրամփիզմը» պիտի շարունակէ աւերներ գործել տեսանելի ապագային:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment