Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անհետ Կորած Համարուող Զինծառայողներու Ընտանիքները Կէս Տարի Ամսական 300 Հազար Դրամ Կը Ստանան

Անհետ Կորած Համարուող Զինծառայողներու Ընտանիքները Կէս Տարի Ամսական 300 Հազար Դրամ Կը Ստանան

by MassisPost

Անհետ կորած համարուող զինծառայողներու ընտանիքները ամսական 300 հազար դրամ կը ստանան, մինչեւ որոշակի դառնայ անոնց կարգավիճակը։ Այս մասին որոշում ընդունուեցաւ գործադիրի այսօրուայ՝ Դեկտեմբեր 9-ի նիստին։

Վարչապետ Փաշինեանի հիմնաւորմամբ՝ անհետ կորածի կարգավիճակի ճշդումը երկարատեւ դատական գործընթաց կ’ենթադրէ, եւ որքան ալ այժմ ժամկէտը կը կրճատուի, միեւնոյնն է ընկերային աջակցութեան հարց կայ հիմա. – «Պիւտճէից գումար կը փոխանցուի հիմնադրամին, որպէսզի հիմնադրամը այս ընթացքում նման կարգավիճակ ունեցող կամ նման կարգավիճակի հաւանականութիւն ունեցող անձանց ընտանիքներին ամսական 300 հազար դրամ աջակցութիւն տրուի, մինչեւ իրենց կարգավիճակը, յարաբերութիւնները Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամի հետ կը յստակեցուի»։

Նոյնչափ աջակցութիւն կը ստանան նաեւ գերեվարուած անձանց ընտանիքները։

Կառավարութեան նիստին քանի մը այլ յետպատերազմական հրատապ կարգաւորումներ են։ Մարտական գործողութիւններուն մասնակցած ուսանողները, կամ այն անձինք, որ պատերազմին եղած են եւ ունին աշակերտ երեխաներ, կը ստանան առաջին կիսամեակի ուսման վարձի 100 տոկոս փոխհատուցում։ Եթէ կան ուսանողներ, որ արդէն վճարած են, գումարը կը տեղափոխուի երկրորդ կիսամեակ։

«Խօսքը վերաբերւում է ինչպէս բարձրագոյն, այնպէս էլ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններում սովորող ուսանողներին», – առանձնացուց վարչապետը։

Առողջապահութեան նախարարի առաջարկած նախագիծի նպատակը պատերազմի ժամանակ տարբեր վիրաւորումներ ստացած ու վերականգնողական բուժման կարիք ունեցողներու համար էր՝ թէ՛ զինծառայողներուն ու թէ՛ կամաւորներուն։ Անոնք կարող են անվճար վերականգնողական բուժումներ ստանալ իրենց ընտրած բժշկական հաստատութիւններուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment