Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տարօրինակը Հոգեւոր Առաջնորդներուն Կողմէ Կոչ Ընելու Համար Ընտրուած Օրն Է. Արման Բաբաջանեան

Տարօրինակը Հոգեւոր Առաջնորդներուն Կողմէ Կոչ Ընելու Համար Ընտրուած Օրն Է. Արման Բաբաջանեան

by MassisPost

«Այսօր աննախադէպ բան է տեղի ունեցել։ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը միացել են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողներին»,- Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն ըսաւ պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանը։ Ան նշեց, որ տարօրինակը հրաժարականի պահանջը չէ, որ ամբողջութեամբ քաղաքական է։ Տարօրինակը հոգեւոր առաջնորդներու կողմէն կոչ ընելու համար ընտրուած օրն է, այն օրը, երբ հրապարակը հաւաքուած քաղաքական ուժերը հրաժարականի վերջնագիր ներկայացուցին վարչապետին։

«Կարելի էր այդ հրաժարականը պահանջել կիրակի օրը, նախօրէին, անցեալ շաբաթ օրը կամ վաղը։ Բայց մեր եկեղեցու երկու պետերը որոշեցին իրենց պահանջը միացնել հրաժարականի պահանջ ներկայացրած քաղաքական ուժերին՝ աւելի սրելու իրավիճակը՝ դոյզն ինչ չմտածելով դրա հետեւանքների մասին։ Իսկ ի՞նչ պէտք է աներ եկեղեցին, ի՞նչ պէտք է անէին հայրապետները։ Պէտք է ոչ թէ միանային հրաժարական պահանջողներին կամ դրա հակառակորդներին, այլ հաշտութեան եւ համերաշխութեան օրակարգ պէտք է բերէին հրապարակ։ Եկեղեցին իր դրոշը պէտք է բարձրացներ՝ պահանջելով վար իջեցնել բոլոր կուսակցութիւնների դրօշները։ Եւ պէտք է անյապաղ սկսեր ներհասարակական հաշտեցման գործընթացը։ Եկեղեցին Հոկտեմբերի 27-ից յետոյ, 2004-ից յետոյ, Մարտի մէկից յետոյ ոչ մէկի հրաժարականը չպահանջեց։ Ոչ միայն հրաժարականը չպահանջեց, աւելին, եկեղեցին այդ ժամանակ կանգնեց մեր պետականութեան ողնաշարը ջախջախող պետական այրերի կողմին»,- յայտարարեց Արման Բաբաջանեան։

Բաբաջանեանի խօսքով՝ այն, որ այս իշխանութիւնը պէտք է հրաժարական տայ, երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ։ Այն, որ այդ պէտք է ըլլայ օրէնքի տարրին համապատասխան, եւս անկասկած է։ Այն, որ բոլոր քաղաքական կառոյցներուն անխտիր պէտք է հնարաւորութիւն տրուի առաջիկայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու, այդ ալ քննարկման հարց չէ։

«Բայց ընտրութիւններից առաջ չափազանց կարեւոր են մի քանի հիմնարար բարեփոխումներ, որոնք նուազագոյնի կը հասցնեն որեւէ քորուփցիոն եւ ապօրինի ազդեցութիւն ժողովրդի կամարտայայտութեան վրայ։ Այլ խօսքով՝ մինչեւ ժողովրդավարութեան անհրաժեշտ պաշտպանութեան ապահովումը, չի կարելի գնալ համապետական ընտրութեան։ Ես հասկանում եմ, որ այդ բարեփոխումները թոյլ չեն տայ հրապարակի ուժերի իրական թեկնածուին սահմանադրական օրինական ճանապարհով իշխանութեան գալ։ Նրա մէկ անգամ փորձուած յոյսը յեղաշրջումն է։ Այս խորհրդարանն ընտրած քաղաքացիները որեւէ քաղաքական ուժի մանտաթ չեն տուել Վազգէն Մանուկեանին կամ Ռոպերթ Քոչարեանին ընտրելու համար։ Այս խորհրդարանի առաջ նման պահանջ ներկայացնելը եւս հաւասարազօր է յեղաշրջման»,- յայտարարեց Բաբաջանեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment