Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գլխաւոր Դատախազ Արթուր Դաւթեան Յանձնարարականներ Տուած Է ԱԱԾ-ին եւ Ոստիկանութեան

Գլխաւոր Դատախազ Արթուր Դաւթեան Յանձնարարականներ Տուած Է ԱԱԾ-ին եւ Ոստիկանութեան

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազ՝ Արթուր Դաւթեան այսօր՝ Դեկետմբեր 7-ին գրութիւններ ուղարկած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ Ոստիկանութեան պետին՝ յորդորելով անյապաղ միջոցառումներ ձեռնարկելու զէնքի ապօրինի շրջանառութեան դէպքերը, անոնց գործադրմամբ, ինչպէս նաեւ հնարաւոր նախապատրաստուող՝ բռնութեամբ զուգորդուած յանցագործութիւնները նախականխելու, կանխելու եւ բացայայտելու, այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները աշխուժացնելու ուղղութեամբ։

Դատախազութիւնը իր տարածած հաղորդագրութեամբ նշած է, որ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմէն պաշտպանուելու համար ռազմական գործողութիւններուն մասնակցութեան նպատակով մեծ թիւով անձանց տարբեր զինատեսակներու եւ ռազմամթերքի տրամադրումը լուրջ վտանգներ ստեղծած է ռազմական գործողութիւններու աւարտէն յետոյ անոնց ապօրինի շրջանառութեան համար: Վերջինիս վկայութիւնն են, ըստ դատախազութեան, Արցախէն դէպի Հայաստան ապօրինաբար զէնք եւ ռազմաթերք տեղափոխելու բազմաթիւ դէպքերը, անոնցմով յարուցուած քանի մը տասնեակ քրէական գործերը։

Իսկ ռազմական գործողութիւնները աւարտելէն յետոյ, ըստ Գլխաւոր դատախազութեան, «Հայաստանում տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, դրանց հետ կապուած յանցագործութիւնները, հրապարակային ելոյթներում, այդ թւում՝ նաեւ Դեկտեմբերի 5-ին Ազատութեան հրապարակում կազմակերպուած հաւաքում հնչեցուած՝ որոշակի գործողութիւների անխուսափելիութեան կամ թոյլատրելիութեան մասին դիրքորոշումներով համեմուած յայտարարութիւնները, ստեղծում են զէնքի ապօրինի գործադրմամբ յանցաւոր դրսեւորումների վտանգներ եւ դրանով պայմանաւորուած՝ քաղաքացիների, այդ թւում՝ նաեւ զանգուածային հաւաքներին մասնակցող, կեանքի եւ առողջութեան պաշտպանութեանը, հասարակական կարգին սպառնացող վտանգներ»:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող 17 քաղաքական ուժերուն ստեղծած «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» անցումային շրջանի վարչապետի թեկնածու՝ ԱԺՄ ղեկավար՝ Վազգէն Մանուկեան Դեկտեմբեր 5-ի հանրահաւաքին յայտարարեց․- «Նիկոլ Փաշինեանը մի բան էլ պէտք է հասկանայ, որ ինքը ինչքան շուտ կամաւոր հրաժարական տայ, այնքան իրեն լաւ: Շարժումը չյաղթեց՝ գազազած ժողովուրդ իրեն կը յօշոտի: Այս շարժումն այն ճանապարհն է, որը հնարաւորութիւն է տալիս քաղաքակիրթ ձեւով փոխել իրավիճակը Հայաստանում, ձախողուեց՝ աւելի վատ է լինելու, բայց ինքը բոլոր դէպքերում գնալու է»:

Դատախազութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներուն կոչ կ’ընէ «զերծ մնալ բռնութիւններով կամ բռնութեան գործադրման կոչերով զուգորդուող գործողութիւնների դիմելուց կամ դրանցում ներգրաւուելուց»: Հակառակ պարագային, ինչպէս դատախազութիւնը նշած է, «յանցաւոր արարքներ կատարող բոլոր անձինք օրէնքի ողջ խստութեամբ կ’ենթարկուեն քրէական պատասխանատւութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment