Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախի Հարցը եւ Հայաստանի Պետականութիւնը

Արցախի Հարցը եւ Հայաստանի Պետականութիւնը

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Փաթեթային, փուլային եւ այլ տարբերակների շուրջ թուացեալ բանավէճը, վստահ եմ, սոսկ շղարշ է՝ կարգաւորման պրոցեսը (գործընթացը) ձգձգելու, այսօրուայ իրավիճակը, այսինքն ստատուս-քվոն որքան հնարաւոր է երկար պահպանելու համար: Ես ցաւով նախազգում եմ, թէ դա ինչ ահաւոր վտանգ է ներկայացնում թէ՛ Ղարաբաղի, թէ՛ Հայաստանի գոյութեան համար: Այսօր մենք, ինչպէս Պաթումից ու Ալեքսանդրապոլից առաջ, թերեւս Ղարաբաղի հարցի նպաստաւոր լուծման եւ Հայաստանի բարգաւաճման վերջին պատեհութիւնն ենք կորցնում: Եւ դրա համար մենք բոլորս էլ պատասխան ենք տալու մեր ժողովրդին:» (հատուած՝ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթէն, Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Նիստին, 8 Յունուար 1998)

Անոնք որոնք որեւէ ճգնաժամային վիճակի քննարկման մակարդակը, խորքային լուրջ մօտեցման անհրաժեշտութիւնէն կը փոխադրեն դէպի անձնական անուանարկումներու հարթակ, անոնք վատ ծառայութիւն կը մատուցանեն եւ կը վնասեն տուեալ ճգնաժամէն դուրս գալու ուղիներու որոնման աշխատանքին ու նպատակին: Գետնի իրականութիւնները անտեսողները եւ առաւելագոյնին ձգտողները ճամբան կը հարթեն ապագայի փորձանքներու: Ամբոխավարական զեղումները խնդիր չեն լուծէր, այլ՝ աւեր կը գործեն: Մանրամասնութիւններու վրայ կեդրոնանալով եւ մեր մտասեւեռումը մեծ պատկերէն շեղելով, մեզ նորանոր փորձանքներու  կ’առաջնորդեն:

1988-ի շարժման ընթացքին, մամուլով թէ հրապարակային ելոյթներով հնչած միտք արծարծող քննարկումները, դժբախտաբար մարեցան Քոչարեան-Սարգսեանական քսանամեայ իշխանութեան տարիներուն: Արցախի հարցը, փոխանակ անկեղծօրէն քննարկուելու որպէս Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման հետ առնչութիւն ունեցող կարեւորագոյն ազդակ, վերածուեցաւ ցեխարձակման միջոցաւ իշխանութիւն զաւթելու եւ անձնական հարստութիւն դիզելու գործօնի: Որը հասցուց այսօրուան ճգնաժամին: Չտեսնել ու չբարձրաձայնել անցած երեսնամեակի թերացումները, կը նշանակէ չտեսնել ճգնաժամէն դուրս գալու արդիւնաւետ ուղիները:

Այս ենթահողէն մեկնելով, փորձենք յստակացնել որոշ իրողութիւններ, սկսելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերեւի մէջբերումէն:

-Սարդարապատի փառայեղ յաղթանակէն շաբաթ մը ետք, Յունիս 4, 1918-ին կնքեցինք Պաթումի նուաստացուցիչ դաշնագիրը, որով Հայաստանի հողամասը կը սահմանափակուէր միայն 4400 քառակուսի մղոն տարածութեան մէջ:

-Մայիս 28, 1918-ի անկախութեան հռչակումէն երկու եւ կէս տարիներ ետք, Դեկտեմբեր 2, 1920-ին կնքեցինք Ալեքսանդրապոլի ամօթալի դաշնագիրը:

Մնալով յօդուածի մը ընձեռած նեղ սահմաններուն մէջ, հարկ կը զգանք հակիրճ բացատրութիւն մը տալ թէ ի՞նչու այդպէս պատահեցաւ, ապաւինելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  Ա. վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի խօսքերուն. «Անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի դրութիւնը եղել է բացառիկօրէն ծանր ու մեր աշխատանքի պայմանները՝ բացառիկօրէն անբարեյաջող: Բայց անհերքելի է եւ այն –անհերքելի է գոնէ ինձ համար- որ սրա վրայ աւելացել է նաեւ մեր սեփական անկարողութիւնը, պետական գործեր վարելու անձեռնհասութիւնը: Եթէ ճիշտ է, որ կառավարել՝ ասել է նախատեսել, ապա ուրեմն մենք միայնգամայն անպէտք կառավարիչներ ենք եղել, որովհետեւ հէնց այդ նախատեսելու ընդունակութիւնն է, որ չենք ունեցել բնաւ: Մենք շարունակ սխալուած ենք եղել մեր հաշիւների մէջ ու շարունակ անակնկալների հանդիպած, անակնկալների միայն մեզ համար, որովհետեւ չենք գիտեցել նախատեսել: Մեր ամենամեծ թուլութիւնը այդ է եղել: Ապա չենք ունեցել որոշ ու յստակ գիտակցութիւն մեր անելիքի մասին, չենք ունեցել մի ղեկավարող սկզբունք ու տեւողական, հետեւողական սիստեմ, գործել ենք կարծես յանկարծակի ու պատահական ներշնչումների տակ, տատանուել ենք, պատից-պատ ընկել, կէս-կուրօրէն շօշափելով ոտներիս տակի հողը: Չենք ճանաչել ու յաճախ գերագնահատել ենք մեր կարողութեան չափը, չենք հասկացել դժուարութիւնների մեծութիւնը, արհամարհել ենք հակառակ ուժերը եւ թեթեւամտութեան աստիճանի անփոյթ ենք եղել մեզ սպառնացող վտանգների հանդէպ: Կտրուկ ենք եղել այնտեղ, ուր պէտք էր ծայրայեղ զգուշութիւն. ու անվճռական այնտեղ, ուր պէտք է կտրուկ լինէինք: Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ: Պետական մարդիկ չէինք մենք:»

Կարեւոր նկատեցինք այս մէջբերումը ընել, ցոյց տալու համար Քաջազնունիի  խօսքերուն այժմէականութիւնը: Պետական մտածողութեան այս ռահվիրայի խօսքերը, օրին որակուեցան որպէս «խենթացած ծերուկի զառանցանքներ», փոխանակ անաչառ ու անկաշկանդ մտքեր եւ ազգասէր սերունդներ դաստիարակելու: Անտեսուեցաւ իր խնդրանքը՝ «շատ խնդրում եմ՝ մի քիչ համբերատար լինէք ու աշխատէք մոտենալ հարցերին անկաշկանդ մտքով, մի բան, որ՝ այնքան էլ հեշտ չէ կուսակցական կեանքով ապրող ու կուսակցօրէն մտածող մարդկանց համար:» Ի՞նչու:  Որովհետեւ, ինչպէս ինք կը յայտնէր իր կուսակցական ընկերներուն ուղղուած խօսքին մէջ, «գործիքը սիրում էք աւելի, քան գործը:»

Մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ (անկախութիւնէն ի վեր) փաստացիօրէն կը հաստատէ, որ եթէ մեր ազգի հատուածները գործը սիրէին աւելի քան գործիքը, մեզի խնայուած կ’ըլլային շատ մը տագնապներ ու կորսուած առիթներ, եղբայրասպան ոճիրներ, եկեղեցւոյ պառակտում, եւայլն: Փոխարէնը՝ կ’ունենայինք աւելի համերաշխ ու կառուցողական հաւաքականութիւն, աւելի բարգաւաճ Հայաստան ու Սփիւռք, եւ աւելի հզօր պետականութիւն:

Դժբախտաբար, այսօր Քաջազնունիի  նկարագրած մթնոլորտն է որ կը տիրէ: Պետական/ազգային շահը կը զոհուի կուսակցական/հատուածական շահի սեղանին եւ կը տուժենք բոլորս, կը տուժենք ազգովին: Անշահախնդիր ու անաչառ մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը, որ միշտ ալ շեշտած ենք մեր յօդուածներով, կը բացակայի հրապարակային քննարկումներէն, ուր ամբոխավարութիւնն է տիրապետողը: Անշահախնդիր ու անկաշկանդ մտածելակերպի արդիւնք էր «Մասիս»ի Մայիս 15, 1993-ի թիւով հրատարակուած մեր «Սարդարապատ եւ Պաթում, Քելբաջար եւ …» խորագրով յօդուածը, ուր կը գրէինք. «Սարդարապատի բարձրունքէն Պաթումի գետինը իջնողները, եթէ պատմութիւնէն իրապէս քաղած են իրենց դասերը, ապա առաջին հերթին իրե՛նք պէտք է զուսպ ըլլան իրենց արտայայտութեանց մէջ, փոխանակ ամբոխավարական ելոյթներով հրահրելու կիրքերը: Առաջին հերթին իրե՛նք պիտի թեւ թիկունք կանգնին ներկայ իշխանութեանց, որպէսզի միասնաբար, ազգովին արգիլենք Պաթումի կրկնութիւնը: Որպէսզի մնանք Քելբաջարի բարձրունքներուն: Որպէսզի շարունակենք մեր նորօրեայ ազատագրական պայքարի Յաղթական երթը:» Աւա՜ղ:

Այստեղ կ’արժէ նաեւ մէջբերել սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի հետեւեալ խօսքը. «Ես վախենում եմ մեր հասարակութեան այսօրուայ անտարբերութիւնից՝ հնարաւոր ռազմաքաղաքական բարդութիւնների նկատմամբ: Սթափուել է պէտք, առջեւում ծանր անակնկալներ կան: Ես վախենում եմ ընդդիմութեան ատելութիւնից՝ բանակի նկատմամբ: Սթափուել է պէտք, դա նաեւ ձեր ու ձեր երեխաների պաշտպան բանակն է: Ես վախենում եմ իշխանութիւնների թուլացող ուշադրութիւնից՝ բանակաշինութեան նկատմամբ: Սթափուել է պէտք, պատերազմը դեռ չի աւարտուել: Վերջապես ես վախենում եմ բոլոր չվախեցողներից՝ անտարբերներից, արկածախնդիրներից, ժողովրդի բոլոր հնարաւոր «փրկիչներից»:»

Նոյեմբեր 10, 2020-էն ետք ունինք ինչ որ ունինք: Որ աւելի քիչ է, քան այն, որ ունէինք երբ Փետրուար 20, 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) ղեկավարութիւնը դիմում ներկայացուց տարածքը Ազրպէյճանէն փոխանցելու Հայաստանին: Անկէ ետք ականատես եղանք շլացուցիչ զարգացումներու շարանի մը: Սովետական Միութեան փլուզման եւ բաղկացուցիչ հանրապետութիւններու անկախացման, ներառեալ Հայաստանի: Արցախեան պատերազմի բռնկման, որ սկզբնական շրջանի անյաջողութիւնէ ետք, պսակուեցաւ փառայեղ յաղթանակով, ԼՂԻՄ-ը շրջապատող եօթը տարածքներու ազատագրումով եւ Արցախի անկախութեամբ: Միջազգային հանրութիւնը հաշտ աչքով չդիտեց մեր նուաճումները եւ բանաձեւերու քուէարկութեամբ պահանջեց մեզմէ այդ տարածքներու վերադարձուիլը Ազրպէյճանին: Մենք, գինովցած մեր յաջողութիւններով, սկսանք ճառել Նախիջեւանի, Ջաւախքի, մինչեւ իսկ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումէն: Երբ զգաստութեան կոչեր հնչեցին մեր յաղթանակը կերտողներուն կողմէ, զանոնք դաւաճան որակեցինք, մէկուն հրաժարեցուցինք, միւսին ալ սպաննեցինք: Արցախը բանակցութիւններու սեղանէն դուրս հանեցինք եւ Հայաստանը «գոյք պարտքի դիմաց» ծախեցինք ու մնացեալն ալ թալանեցինք: Թշնամիին պատերազմի պատրաստութեանց դիմաց մենք անձնական դղեակներ կառուցեցինք ու մեր յաղթանակներու եւ հաւաքական ապահովութեան երաշխիք բանակի սպառազինումը անտեսեցինք: Մեր պաշտպանութիւնը վստահեցանք անոր, որուն ծախեցինք Հայաստանը, հակառակ անոր, որ ան ալ մեզ կը ստիպէր վերադարձնել տարածքները: Ու յաղթանակ կերտողին նախազգացումը իրականացաւ: «Ոչ մի թիզ»ի տեղ, զիջեցինք 90-ականներու առաջին կէսի  մեր  նուաճումները եւ աւելին: Իրականացաւ նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի մտավախութիւնը՝ «Հայ ժողովուրդը վերջին 7-8 տարիներին համազգային սխրանք է գործել, եւ անչափ ցաւալի, ճակատագրական կը լինի, եթէ թիւրիւմացութիւնների, անվստահութեան, անմիաբանութեան պատճառով յանկարծ տանուլ տանք արիւնով ու մաքառումներով ձեռքբերուածը:»

Մեր այս խորհրդածութեանց տուինք «Արցախի Հարցը եւ Հայաստանի Պետականութիւնը» խորագիրը, անգամի մը համար եւս շեշտելու այս երկուքին անքակտելիութիւնը: Շեշտելու՝ որ Արցախի հարցը պէտք չէ՛ շահագործուի Հայաստանի մէջ իշխանութեան տիրանալու համար, որ կը վնասէ Հայաստանի պետականութեան ամրակայման: 90-ականներու համազգային սխրալի նուաճումներէն ու՞ր հասանք: Կրկնուեցաւ Սարդարապատի յաղթանակէն Պաթումի պարտութիւնը, Մայիս 28-ի անկախութեան հռչակումէն Դեկտեմբեր 2-ի հպատակեցումը:  Արցախի հարցի կապակցութեամբ, անկախ հանրապետութիւնէն նահանջած ենք «Վոլսկիի տարբերակ»ին:  Հայաստանի պետականութեան կապակցութեամբ, առայժմ զբաղուած ենք դաւաճաններու փնտռտուքով:

Բայց յոռետես չենք:

(Շարունակելի)

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment