Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Մաքրոնի Հետ Հեռախօսազրոյցին Նշած Է Արցախի Անկախութեան Միջազգային Ճանաչման Հիմնարար Նշանակութիւնը

Փաշինեան Մաքրոնի Հետ Հեռախօսազրոյցին Նշած Է Արցախի Անկախութեան Միջազգային Ճանաչման Հիմնարար Նշանակութիւնը

by MassisPost

Արցախին մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկած են վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնը երէկ՝ Նոյեմբեր 19-ին կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ երկուստեք ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան աշխատանքներու լիարժէք վերականգնման կարեւորութիւնը:

Քննարկուած է վերջին շաբաթներու ընթացքին իրենց տուները լքած տասնեակ հազարաւոր մարդոց անխափան եւ անվտանգ վերադարձի ապահովման հարցը եւ նշուած է Արցախի կրօնական եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը:

Կարեւորուած է տարածաշրջանին խաղաղութեան պահպանումն ու իրավիճակի հետագայ լիցքաթափումը:

«Այդ առումով ՀՀ վարչապետը նշել է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հիմնարար նշանակութիւնը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Նոյեմբեր 25-ին պիտի քննարկէ Արցախի անկախութիւնը ճանաչելու բանաձեւի նախագիծը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment