Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԳ Նախարարը Բանակցութիւններուն Նախ Պէտք Է Բարձրացնէ ԼՂ Կարգավիճակի Հարցը, Վստահ Է Քաղաքագէտը

ԱԳ Նախարարը Բանակցութիւններուն Նախ Պէտք Է Բարձրացնէ ԼՂ Կարգավիճակի Հարցը, Վստահ Է Քաղաքագէտը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Նոյեմբեր 19-ին, Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակազմին նորանշանակ նախարար՝ Արա Այվազեանը ներկայացնելու ժամանակ ընդգծած է, որ պատերազմէն յետոյ ալ աւելի պիտի ծանրաբեռնուի դիւանագէտներու աշխատանքը։

«Ի հարկէ, մենք գտնուում ենք չափազանց բարդ եւ ծանր մի ժամանակահատուածում, երբ ըստ էութեան եթէ համարենք, որ ինչ-որ առումով ռազմական ծանրաբեռնուածութիւնը նուազում է յայտնի հանգամանքների բերումով, դիւանագիտական ծանրաբեռնուածութիւնը համապատասխանաբար մեծանում է, ու հենց դիւանագիտական ճակատն է հիմա ամենակարեւորն ու ծանրաբեռնուածը: Եւ այս առումով ես յոյս ունեմ, որ նորանշանակ նախարարը կը կարողանայ մեր ողջ դիւանագիտական համակարգը համախմբել եւ կեդրոնացնել մեր ազգային ու պետական խնդիրները լուծելու համար», – նշեց Փաշինեան։

Զօհրապ Մնացականեան աշխատանքէն ազատուած էր Նոյեմբեր 16-ին՝ Շուշիի վերաբերեալ վարչապետի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ իրար հակասող յայտարարութիւններու ֆոնին։ Երկուսուկէս տարի պաշտօնավարած Մնացականեանը կը փոխարինէ 51-ամեայ դիւանագէտ՝ Արա Այվազեանը։ Նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը նախքան այս պաշտօնին նշանակուիլը մէկ ամիս պաշտօնավարած է որպէս փոխարտաքին գործոց նախարար, անկէ առաջ ալ լատինամերիկեան եւ եւրոպական տասէն աւելի երկիրներու մօտ դեսպան եղած է ։

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան նորանշանակ ղեկավարը իր հերթին կարեւորած է ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցի լուծումը դիւանագիտական դաշտ տեղափոխելու գործընթացքը։ Ընդգծած է, որ դիւանագիտական առաքելութիւնները պիտի շարունակեն առաւելագոյնս օգտագործել իրենց ներուժը ճակատագրական այս մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու համար. «Վստահ եմ, որ այս փուլում էլ ձգտելու ենք անել անհնարինը: Պարոն վարչապետ, ուզում եմ ձեզ, մեր ժողովրդին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին, Արցախին եւ Սփիւռքի մեր քոյրերին ու եղբայրներին վստահեցնել, որ այն գիտակցութեամբ ենք լծուած գործին, որ այստեղ մեզանից իւրաքանչիւրը հասկանում է, որ իւրաքանչիւրիցս կախուած է մեր երկրի ներկան ու ապագան»:

Քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանի կարծիքով` նորանշանակ նախարարը բանակցային սեղանի շուրջ առաջին հերթին պէտք է բարձրացնէ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան լուծումը վերադարձնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափ՝ հասնելով Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման. «Հիմա Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան իրօք լրջագոյն դժգոհութիւն յայտնեցին Ռուսաստանին, որ շրջանցուեցին, ու իրենք գլխաւորը, որ դնում են, կարգավիճակի խնդիրն է, որը մեզ շատ է յուզում: Ատրպէյճանն ասում է` ի՞նչ կարգավիճակ, մոռացանք, հարցը լուծուած է, պաշտօնապէս յայտարարեց: Հիմա ո՞վ է մեզ աջակցում կարգավիճակի հարցում` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, ովքեր համանախագահող երկրներն են: Մեզ դա ձեռնտու է, ուրեմն այո, աշխատելու ենք Ռուսաստանի հետ, միասին նաեւ նորից վերադառնանք Մինսքի խմբի շրջանակներ»:

Գրիգորեան շարք մը առաջարկներ կը նեկայացնէ։ «Գնում են շփման գծի ճշդումներ, այդ շփման գծի ճշդումներում մենք պէտք է շատ ուշադիր լինենք, ստացուում է այնպէս, որ 3 շրջաններ տուեցին Ղարաբաղին, երկուսը տուեցին Ատրպէյճանին, բայց նոյնիսկ այդ 3 շրջաններից ես տեսնում եմ` այնտեղ գիւղեր կան, որ ինչ-որ վիճելի իրավիճակ է: Ուրեմն, այստեղ ինքը պէտք է անմիջականօրէն սկսի զբաղուել, անմիջականօրէն Ռուսաստանի հետ, պարզ է, քանի որ նոյնիսկ մի գիւղ, 100 մեթր այս կողմ, այն կողմ շատ կարեւոր դեր է խաղում»:

Քաղաքագէտը նորանշանակ նախարարի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ պաշտօնական Պաքուի յայտարարութիւններուն վրայ, թէ կը դիմէ միջազգային դատարաններ՝ գոյքային վնասի փոխհատուցման համար։ Հայաստանը եւս պէտք է հակընդդէմ հայցեր ներկայացնէ՝ Պաքուի եւ Գեանջայի հայերու գոյքային իրաւունքները վերականգնելու հարցով, կը կարծէ Գրիգորեան։

Վարչապետը այսօր նաեւ ներկայացուցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նորանշանակ տնօրէնը։ Արմէն Աբազեան չորրորդ ԱԱԾ տնօրէնն է 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն յետոյ եւ երկրորդը պատերազմի ընթացքին։ Աբազեանը ներկայացուցած ժամանակ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան այժմ ծանր ժամանակներ կ’ապրի, եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պէտք է կարողանայ կատարել պետութեան ողնաշարի իր դերը:

Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեան կը հակադարձէ վարչապետին՝ ընդգծելով, որ պետութեան ողնաշարը միայն ԱԱԾ-ն չէ։ Եւ որպէսզի այս կարեւորագոյն կառոյցէն ներս յաճախակի ղեկավարներ չփոխուին, պէտք է յստակացնել, թէ ինչ կ’ուզեն այս կառոյցէն, որ այն ըլլայ սովետական КГБ (Պետական անվտանգութեան կոմիտէ), թէ օրէնքի ծիրէն ներս գործող օրինապահ մարմին.

Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ իրաւապաշտպանները բազմիցս քննադատած են իշխանութիւնները, դատական եւ իրաւապահ համակարգէն ներս էական փոփոխութիւններ չընելու համար։ Դատելով անցած երկուսուկէս տարուայ ընթացքին չկատարուած քայլերէն՝ դեռեւս չկայ ցանկութիւն տեսնել պետութեան ծառայող կառոյցներ, կ’ըսէ Յարութիւնեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment