Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի ու Արցախի Միւս Քաղաքներուն Եւ Գիւղերուն Մէջ Կեանքը Կը Մտնէ Հունի Մէջ

Ստեփանակերտի ու Արցախի Միւս Քաղաքներուն Եւ Գիւղերուն Մէջ Կեանքը Կը Մտնէ Հունի Մէջ

by MassisPost

«Ազատութիւն» ռատիոկայանը Արցախէն կը տեղեկացնէ որ, Արցախի երկու տարբեր գործընթացներուն ականատես եղած էր․ մէկ կողմէն Վարդենիս-Քարվաճառ ճանապարհին կարելի էր տեսնել բազմաթիւ արցախցիներ, որոնք Հայաստանէն կը վերադառնային Լեռնային Ղարաբաղ՝ իրենց իրերը բարձած մարդատար եւ բեռնատար ինքնաշարժերու վրայ, միւս կողմէն Քելբաջարի շրջանը, որ պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանին, ինչպէս նշուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ, այդ ողջ ճանապարհին կարելի էր տեսնել բազմաթիւ տուներ, կառոյցներ, զորս հայերը թողած կը հեռանային, տուներու մէկ մասը հրդեհուած էր։ Կարելի էր տեսնել քանի մը ՀԷԿ-երը,որոնց մէջէն սարքաւորումները հանուած էին, այնուհետեւ հրկիզուած էին։

Իսկ երբ մուտք կը գործես Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ՝ Խորհրդային Միութեան տարիներուն դեռ գոյութիւն ունեցած ԼՂԻՄ-ի վարչական սահմանը, այն շրջանները, որոնք պիտի մնան Արցախի կազմէն ներս, այդտեղ՝ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ կեանքը աստիճանաբար կը վերականգնուի, Ստեփանակերտի փողոցները մարդոց կարելի է հանդիպիլ, խանութները կ’աշխատին եւ կեանքը աստիճանաբար կը մտնէ հունի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment