Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Սասնայ Ծռեր»ու Հանրահաւաքի Ընթացքին Խումբ Մը Քաղաքացիներ Ձերբակալուեցան

«Սասնայ Ծռեր»ու Հանրահաւաքի Ընթացքին Խումբ Մը Քաղաքացիներ Ձերբակալուեցան

by MassisPost

«Սասնայ ծռեր» համահայկական շարժումը կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Այս մասին անոնք յայտարարեցին Նոյեմբեր 12-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ կատարած հանրահաւաքի ընթացքին: Այս նոյն հարթակէն, յիշեցնենք, 17 քաղաքական ուժեր եւս երէկ նոյն պահանջով հանդէս եկան:

Անոնց դժգոհութեան պատճառը Նոյեմբեր 10-ին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու ստորագրած համաձայնագիրն է: «Սասնայ ծռեր»էն Արա Պապեան յայտարարեց, որ վարչապետի հրաժարականին պէտք է յաջորդէ հակաճգնաժամային կառավարութեան ստեղծումը: Աւելին, ըստ Ժիրայր Սեֆիլեանին՝ ազգը պատրաստ էր դիմակայել, իսկ պետական համակարգը գործեց այլ ուղղութեամբ:

Հանրահաւաքէն յետոյ «Սասնայ ծռեր»ու անդամները կը ցանկային երթ կատարել, ոստիկանութիւնը թոյլ չտուաւ` յիշեցնելով, որ ռազմական դրութիւն յայտարարուած է, որմէ յետոյ կազմակերպիչները վերադարձան հարթակ` յայտարարելով, որ երթը չեղեալ եղած է: Սակայն ասոր յաջորդեց շարք մը քաղաքացիներու ձերբակալութիւնը ոստիկաններու եւ յատուկ ջոկատայիններու կողմէն:

«Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին Արայիկ Պապիկեան նշեց, որ կ’ենթադրեն, որ 1-2 սադրիչներ կային մարդոց մէջ, եւ անոնց բերման ենթարկելու ընթացքին, իրաւապահներուն, ամենայն հաւանականութեամբ, հրաման տրուած է բոլորը հեռացնել:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment