Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Խօսք, Միտում եւ Ընկալում

Խօսք, Միտում եւ Ընկալում

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ 

«Մարդիկ ամէնէն շատ կը ստեն ընտրութիւնէ առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ որսորդութիւնէ ետք:» Օթթօ Ֆոն Պիզմարք  

 «Պատերազմի ընթացքին ճշմարտութիւնը այնքան յարգի է, որ մշտական հսկողութեան տակ պէտք է ըլլայ սուտերու թիկնապահներովՈւինսթըն Չրչիլ 

Արցախեան ազատամարտի զարգացումները կլանած են բոլորս: Վայրկեան-վայրկեանի կը սպասենք լուրերու եւ ամէն մէկ խօսք, որ կը հնչէ գլխաւոր մասնակիցներուն կողմէ, ըլլան անոնք հայ թէ օտար, յիւրային, բարեկամ թէ թշնամի, կ’ազդէ ամէն մէկուս մտայնութեան եւ հոգեվիճակին վրայ: Անկասկած, որ ճակատագրական օրեր կը բոլորենք ու հետեւաբար, խուսափելու համար ծայրայեղութիւններէ, պարտինք մեր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ լաւագոյնս դատել արտասանուած խօսքերը, լաւագոյնս կռահելու համար արտասանողի միտքն ու միտումները եւ ըստ այնմ դիրքորոշուիլ:

Ուրեմն առնենք վերջին շաբթուան ընթացքին հնչած կարեւոր խօսքեր եւ փորձենք մեկնաբանել զանոնք, կարենալ գուշակելու համար, որ զարգացումները ի՞նչ ուղութեամբ կ’ընթանան:

Սկսինք ներքին ճակատէն եւ առաջին հերթին վարչապետ Փաշինեանի այն յայտարարութեամբ, որ պատրաստ ենք «ցաւոտ փոխ-զիջումներու, բայց ոչ անձնատուութեան հաշւոյն»: Իսկապէս որ այս խօսքերը շատ ծանր ազդեցին մեր վրայ եւ թողուցին այն տպաւորութիւնը, որ վիճակնիս լաւ չէ եւ կռնակնիս պատին հասած է: Կարդացած էինք, որ Ազերիները վերագրաւած են Արցախի արեւելեան եւ հարաւային ճակատին տարիներով մեր հսկողութեան տակ գտնուող հինգ շրջաններէն չորսը, ու վարչապետի այս խօսքը հաւանաբար արդիւնք էր այդ կորուստին: Բայց արդեօ՞ք իրավիճակը այդքան ծանր է: Հաւանական չէ՞, որ ասիկա նաեւ մարտակոչ մըն էր ուղուած թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին լսարաններուն: Ներքինին՝ ուժերու գերլարումով մարտնչելու, որ չհասնինք այդ աստիճանին: Արտաքինին՝ որ կարմիր գիծ մը ունինք եւ պատրաստ ենք բուռն պայքարի, չհասնելու համար հոն: Վարչապետի յետագայ յայտարարութիւնը, որ «Արցախի Պաշտպանութեան բանակի առջեւ դրուած է խորտակիչ հակահարուածի ճիշտ պահն ընտրելու եւ իրականացնելու խնդիր», յուսադրեց մեզ, որ տակաւին կարողութիւնը ունինք խորտակիչ  հակահարուած հասցնելու թշնամիին:

Նոյնպիսի հոգեվիճակի մատնուեցանք լսելով Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Շուշիէն արձակած կոչը, որ թշնամին միայն 5 քլմ. անդին է: Չորս օրեր անցած են այդ յայտարարութիւնէն ու հակառակ շարունակուող անմարդկային ռմբակոծումներու, թշնամին հինգ քլմ. եւ աւելի անդին է: Այդ փաստը որոշ չափով կը թեթեւացնէ յուսախաբութիւն առթող մեր անմիջական զգացումները, յիշեցնելով Արցախեան առաջին ազատամարտի թեժ օրերուն Վազգէն Սարգսեանի կոչը՝ Հայաստանի տարբեր մարզերէն «Մահապարտ»ներու կամաւորական խումբ մը կազմելու եւ ուղղուելու Արցախ: 1992-ին արձակուած այդ կոչը բեկումնային ազդեցութիւն ունեցաւ ազատամարտի ընթացքին վրայ, ճամբան բանալով յաղթարշաւներու: Յոյսով ենք, որ նախագահի կոչն ալ ճամբան կը բանայ նոր յաղթարշաւներու: Այդ յուսադրումը կ’ունենանք, լսելով Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր՝ Արծրուն Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնը, որ «հրադադարի գնալը քաղաքական հարց է, բայց մեր ռազմական պլաններում այս վիճակին համակերպող չկայ: Մեր պլաններում այլ գործողութիւններ են, այլ բնոյթի եւ այլ տարածքի»:

Ռազմաճակատի աննպաստ լուրերէն աւելի, մեզ մտահոգողը ներքին ճակատէն եկող յայտարարութիններն են, ըլլան անոնք 14 կուսակցութիւններու կոչը եւ կամ Վազգէն Մանուկեան, Հրանտ Բագրատեան եւ Դաւիթ Շահնազարեան եռռեակի կոչը ուղղուած Փաշինեանին, իշխանութիւնը յանձնելու բանակին: Այս պայմաններուն տակ, այսպիսի կոչ ընելը մեծապէս վնասակար կը գտնենք: Նախ, որ քաղաքական եւ զինուորական ուժերու մեկտեղումը մեզ աւելի խոցելի կը դարձնէ, մեզ զրկելով հնարքային (maneuver) կարելիութիւններէ: Երկրորդ եւ աւելի կարեւորը, իր ժխտական ազդեցութիւնը կ’ունենայ մեր բանակի եւ թիկունքի հոգեվիճակին վրայ: Զարմանալի զուգադիպութեամբ, 100 տարիներ առաջ այս օրերուն էր, որ յանձնեցինք Կարսը, առանց փամփուշտ արձակելու: Խօսքը տանք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. Վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիին. «Մեր բանակը, որ կուշտ էր, լաւ զինուած ու լաւ հագնուած, չկռուեց. զօրքերը շարունակ նահանջում էին կամ դիրքերը լքում, զէնքերը թափում ու ցրւում գիւղերը: Բանակը բարոյալքուած էր: Բանակի դաստիարակութիւնը, ռազմական ոգին, կուռ կազմակերպութիւնն ու կարգապահութիւնը –ուրեմն եւ ընդդիմադրական ուժը- թուլացած էին ծայր աստիճանի»: Այսօր Շուշին սպառնալիքի տակ է, ինչպէս Կարսը հարիւրամեակ մը առաջ: Պատմութիւնը պէտք չէ կրկնուի:

Անցնելով արտաքին ճակատին, սկսինք Ազրպէյճանին պատերազմի մղող Թուրքիայէն: Յիշեցնենք, որ երբ Թուրքիոյ առջեւ փակուեցան Եւրոպայի դռները, ան թեքուեցաւ Արեւելք եւ նախնական որոշ յաջողութիւններէ ետք հոն ալ տեղքայլի մատնուեցաւ: Նոյնը պատահեցաւ Միջերկրական ծովու իր արկածախնդրութեան: Ուղղութիւն փոխելով, հիմա ան կը փորձէ Ազրպէյճանի վրայով դէպի Կովկաս եւ Միջին Ասիա ներթափանցել: Ազերի-Թրքական հաշիւներով, շաբաթէ մը պիտի կարենային մեծ յաջողութեանց հասնիլ, բայց բախեցան հայկական հերոսական դիմադրութեան: Պատերազմի սկիզբներուն ինքզինք Մինսկի երեք համանախագահներուն որպէս չորորդը հաւակնող Թուրքիան, ա՛լ նոյն դիրքէն չխօսիր: Այս կ’ըսենք, նկատի ունենալով նախագահ Թրամբի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օ’Պրայընի Հոկտեմբեր 30-ին կատարած յայտարարութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ, որ «Թրքական ցանկացած միջնորդութիւն կամ խաղաղապահ դերակատարում մատնուած է անյաջողութեան ԱՄՆ-ի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար: Մենք կը հաւատանք, որ երկու կողմերը կ’ընդունին սքանտինավեան խաղաղապահներուն, եւ մենք կ’աշխատինք այդ կառավարութիւններուն հետ՝ ուժեր հաւաքելու եւ տարածաշրջանին մէջ հրադադարը պահպանելու համար:»

Հետաքրքրական է նկատել, որ Հոկտեմբեր 30-ին Ժընեւի մէջ կայացած ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համատեղ յայտարարութեան մէջ խօսք չկար Սքանտինավեան խաղաղապահներու մասին: Եթէ կողմերը ընդունին այս կարգադրութիւնը, կը խորհինք որ ատիկա նպաստաւոր պիտի ըլլայ մեզի համար: Երբ նկատի կ’ունենանք, որ տարածաշրջանի մեծերը՝ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան, մեկնած իրենց շահերէն, տարբեր նախաձեռնութիւններով կը մրցին  իրենց ուժերը տեղակայել Արցախի սահմանին, մեզի համար աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ այս մրցակիցներուն տեղ բոլորովին չէզոք ուժերու ներկայութիւնը: Շատ հաւանական է, որ Ռուսիան ըլլայ այս կարգադրութեան գլխաւոր ընդդիմացողը եւ ըստ երեւոյթին, Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, որ Ռուսական խաղաղապահներու ներկայութիւնը «օպտիմալ» լուծումն է, այդ կը նշանակէ: Տեսնենք յառաջիկայ օրերուն այս հարցը ի՞նչպէս կը զարգանայ:

Աւելորդ կը նկատենք անդրադառնալ Ազրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւններուն, որովհետեւ անոնք այս պատերազմի ղեկը յանձնած են Թուրքիոյ ու հետեւաբար անոնց յայտարարութիւնները որեւէ կշիռ չեն ներկայացնէր: Սակայն կարեւոր է նկատել այն ներքին խմորումները, որոնք կ’ընթանան թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ: Ներքին խլրտումներ կան այնտեղ, որոնք կրնան տանիլ այդ երկիրներու վիճակներուն ապակայունացման: Այս մէկը պէտք է մղէ մեզ, ամրապնդելու մեր ներքին համերաշխութիւնը, որ պիտի զօրացնէ յաղթանակի հասնելու մեր կարելիութիւնները:

Ինչ կը վերաբերի Իրանին, անոնք մաս չկազմելով հանդերձ ԵԱՀԿ-ի խմբակին, վերջին օրերուն հանդես եկան նախաձեռնութիւնով, խնդրի լուծման մասնակից կողմ դառնալու փորձով: Չենք խորհիր, որ անոնց փորձը յաջողութեամբ պիտի պսակուի, բայց յատկանշական կը գտնենք իրենց այն յայտարարութիւնը, որ դէմ են տարածաշրջանի սահմաններու փոփոխման: Շատ հաւանաբար անոնք նկատի ունին Մեղրիի վրայով Նախիջեւան հասնելու Ազերի-Թրքական փորձերը, որուն իրականացման բացարձակ դէմ են:

Հարկ չենք համարէր անդրադառնալու Ռուսական վարկածին, որովհետեւ մեր նախկին յօդուածով արդէն իսկ տուած էինք մեր կարծիքը այդ մասին:

Վերջապէս, ԵԱՀԿ-էն ալ դրական ակնկալութիւններ պէտք չէ ունենանք, նկատի առած այն երեք փորձերը, որոնք ձախողութեան մատնուեցան: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ անոնք միշտ ալ կողմնակից եղած են ծանօթ 7 տարածաշրջանները յանձնելու Ազրպէյճանին:

Ուրեմն մեզի կը մնայ վստահիլ մեր ուժերուն, ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք: Բնականաբար պատերազմի ծանրութիւնը կրողը Հայաստանն ու Արցախն են, բայց Սփիւռքը իր Ֆինանսական թէ լոպիստական աշխատանքով կրնայ զօրացնել հայրենի ժողովուրդի թիկունքը: Արդեն իսկ այդ մէկը աննախընթաց ծաւալով կ’ընթանայ, բայց մենք կարելիութիւնը ունինք աւելին ընելու եւ պէտք է ընենք:  Պէտք է ազգովին գիտակցինք, որ գոյութենական պայքարի մէջ ենք եւ ամէն ջանք պէտք է գործադրենք յաղթական դուրս գալու:  Այս պահի դրութեամբ այնպէս կ’երեւի, որ պատերազմը ի նպաստ մեզի չ’ընթանար, բայց տարածաշրջանի վիճակը այնպիսին է, որ օրէ օր  մեծ փոփոխութիւններու կրնայ ենթարկուիլ: Հետեւաբար այս կացութիւնը պէտք է աւելիով լիցքաւորէ մեզ, ամէն միջոցով շրջելու իրավիճակը ի նպաստ մեզի եւ հասնելու յաղթանակի: Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ապահովումը պիտի ըլլայ մեր յաղթանակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment