Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Կը Յայտնէ, Որ Հայաստան Կը Մերժէ Իսրայէլի Մարդասիրական Օգնութիւնը

Փաշինեան Կը Յայտնէ, Որ Հայաստան Կը Մերժէ Իսրայէլի Մարդասիրական Օգնութիւնը

by MassisPost

Պատասխանելով իսրայէլական The Jerusalem Post թերթի հարցին, թէ Հայաստանը հետաքրքրուա՞ծ է Իսրայէլի առաջարկած մարդասիրական օգնութեամբ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ըսած է. – «Հումանիտար օգնութիւն վարձկաններին զէնք վաճառող երկրի կողմի՞ց, որն օգտագործում են քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեանը հարուածելու համար»:

Հայաստանի դեսպանի ետ կանչելուելէն ետք, Իսրայէլի նախագահ Ռիւվէն Ռիվլինը հեռաձայնած էր իր հայ գործընկերոջը եւ առաջարկած՝ մարդասիրական օգնութիւն:

«Ես առաջարկում եմ, որ Իսրայէլը այդ օգնութիւնն ուղարկի վարձկաններին եւ ահաբեկիչներին՝ որպէս իր գործունէութեան տրամաբանական շարունակութիւն», – շեշտել է Հայաստանի վարչապետը:

Իսրայէլը յայտնուած է միեւնոյն շարքին Թուրքիոյ, ահաբեկիչներու եւ սուրիացի վարձկաններու հետ՝ այս պատերազմին Ատրպէյճանին սատարելու հարցով, եւ, ի վերջոյ, տուժելու է այդ դաշինքին միանալու հետեւանքով:

Երեւանէն տեսակապի միջոցով, The Jerusalem Post-ի հետ զրոյցի ընթացքին Փաշինեան կոշտ մեղադրանքներ հնչեցուց Երուսաղէմի հասցէին՝ Ատրպէյճանին սպառազինութիւն մատակարարելու եւ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Կարծում եմ, որ Իսրայէլը պէտք է մտածի հետեւեալի մասին», – ըսած է վարչապետը աւելցնելով, – «Փաստօրէն վարձկանները, ահաբեկիչները եւ Իսրայէլը, ըստ էութեան, հիմա կը գտնուին նոյն կողմում: Իսրայէլն ինքը պէտք է մտածի, թէ սա որքանով յարմար դիրքաւորում է իր համար»:

«Իսրայէլը նաեւ պէտք է մտածի, թէ իսկապէս ցանկանում է հակամարտութեան մէջ լինել Թուրքիայի հետ նոյն կողմում, որը, նրա պնդմամբ, Սիրիայից հազարաւոր վարձկանների է տեղափոխել Ատրպէյճան՝ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կռուելու համար»:

«Նրանցից մէկն արդէն համապարփակ ցուցմունք է տուել եւ ասել, որ ինքն ապրում էր Թուրքիայի հսկողութեան տակ գտնուող սիրիական շրջաններում, փախստականների ճամբարում: Նա պատմել է, թէ ինչպէս եւ որտեղ են իրեն հաւաքագրել, ինչպէս են նրանք անցել Թուրքիայի սահմանը պաշտօնական անցակէտով առանց հարցաքննուելու կամ ստուգուելու»:

Վարչապետը ըսած է, թէ այս իրավիճակը յատկապէս վտանգաւոր, է եւ միջազգային հանրութիւնը հաշուի առնէ եւ քայլեր ձեռնարկէ ատոր դէմ:

«Աշխարհը պէտք է արձագանքի Թուրքիայի այս նոր գործողութիւններին եւ անհրաժեշտ եզրակացութիւններ անի, քանի որ Թուրքիան իր արտաքին քաղաքականութեան իրականացման այս նոր եղանակը կ՛օգտագործի նաեւ այլուր», – ըսած է վարչապետը:

«Իսրայէլն ինքն իրեն պէտք է հարց տա՝ արդեօք ինքը այսօր վարձկանների հետ փաստացի չ՞ի կռւում Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Արդեօք դա յարմա՞ր դիրքաւորում է իր համար: Եթէ դա այդպէս է, Աստուած իր հետ: Բայց ես կարծում եմ, որ կը լինեն որոշակի հետեւանքներ, եւ դուք առերեսուելու էք այդ հետեւանքների հետ»:

Փաշինեանի կարծիքով Թուրքիոյ կայսերապաշտական յաւակնութիւններու թիրախին է նաեւ Իսրայէլը եւ այդ միայն ընդամէնը ժամանակի հարց է:

Հարցին, թէ արդեօք այդպիսով կը նախազգուշացնէ, որ ինչ-որ պահի Թուրքիան կը հաւաքագրէ սուրիացի վարձկաններուն՝ դէպի Երուսաղէմ արշաւելու համար՝ վարչապետը պատասխանած է, որ ինքը չի նախազգուշացնէր որեւէ յատուկ բանի մասին, այլ նկատի ունի համապատասխան «քաղաքական միջավայրի եւ քաղաքական մթնոլորտի» ստեղծումը եւ միջազգային անվտանգութեան համակարգին մէջ գոյացած բացերը: «Եւ եթէ կան բացեր, միջանցքներ ու սողանցքներ, ապա ինչ-որ մէկը կը փորձի անցնել այդ միջանցքներով: Եւ պարտադիր չէ, որ դա լինի մէկ կամ երկու առանձին վերցրած տարածքում: Այդ անցուդարձը տեղի է ունենալու բոլոր հնարաւոր ուղղութիւններով», եզրակացուցած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment