Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի մէջ Կարգիլուի Թրքական «Գորշ Գայլեր» Խմբաւորումը

Ֆրանսայի մէջ Կարգիլուի Թրքական «Գորշ Գայլեր» Խմբաւորումը

by MassisPost

Ֆրանսայի մէջ կ’արգիլեն թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումը, անցեալ հանգստեան օրերուն պղծուելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարար ղեկավար՝ ժերալտ Տարմանին, կը յայտնէ AFP-ն:

Նախարարի խօսքով՝ «Գորշ գայլեր»ը արգիլելու մասին որոշումը Ֆրանսայի նախարարներու նստավայր կը փոխանցուի չորեքշաբթի օր:

Միւս կողմէ, Լիոնի մէջ թուրքերը  վանդալութեան ենթարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքը: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «դիմատետրի» ընկերային ցանցի իր էջով տեղեկացուցած է «France 24»-ի լրագրող՝ Աչրեն Վերտիան՝ հրապարակելով լուսանկար:

«Լիոնի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան պատին նոր հակահայկական գրառում յայտնուած է, ուր կը յիշեցնեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան հաւատարմութիւնը Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին»,- գրած է Վերտիան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment