Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արեւմտեան Աղբիւրներու Համաձայն Սուրիացի Վարձկանները Կը Շարունակեն Ծանր Կորուստներ Կրել

Արեւմտեան Աղբիւրներու Համաձայն Սուրիացի Վարձկանները Կը Շարունակեն Ծանր Կորուստներ Կրել

by MassisPost

Արեւմտեան աղբիւրներու պնդմամբ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալուած մարտական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած է Սուրիոյ հիւսիսին մէջ գործող թրքամէտ խմբաւորումներէն մէկու՝ «Համզա» բաժանմունքի հրամանատարներէն մէկը։ Այս մասին Twitter-ի իր օգտահաշուին գրած է Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմի եւ երրորդ երկիրներուն մէջ ընթացող պատերազմներուն սուրիացի վարձկաններու մասնակցութեան վերաբերեալ շարք մը հրապարակումներու հեղինակ լրագրող՝ Էլիզապէթ Ցուրքովը։ Անոր տեղեկութիւններով` սպաննուածը «Համզա»յի կազմէն ներս գործող 80-րդ ջոկատի հրամանատար Օմար ԱլՃալապին է։

«Նոյեմբեր 1-ին Ատրպէյճանի մէջ սպաննուած եւս 9 սուրիացիներու մարմինները Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող «Հիւար Քիլիս» անցակէտով վերադարձուած են հայրենիք», – կը նշէ Ցուրքովը՝ վկայակոչելով սահման գտնուող իր աղբիւրները։

Լրագրողի տեղեկութիւններով, ի դէպ, Ղարաբաղ վարձկաններ ուղարկած թրքամէտ միւս խմբաւորումները եւս վերջին օրերուն լուրջ կորուստներ կրած են։

«Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող եւս մէկ խմբաւորման՝ «Սուլթան Մուրատի» տասնեակ զինեալներ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անհետ կորած են։ Զինեալները մոլորուած են, քանի որ ծանօթ չեն տեղանքին», – կը նշէ Էլիզապէթ Ցուրքովը՝ յիշեցնելով, որ սուրիացի վարձկաններէն առնուազն երկուքը գերեվարուած են հայկական ուժերու կողմէ։

Ցուրքովի տեղեկութիւններու մէկ մասը կը հաստատէ նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գործող «Մարդու իրաւունքներու դիտարկման սուրիական կեդրոնը»։ Շաբաթ օր իրաւապաշտպան կառոյցը նոր տեղեկութիւններ հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած սուրիացի վարձկաններու մասին՝ նշելով, որ անոնց թիւը Հոկտեմբեր 31-ի դրութեամբ հասած է 231-ի։

«Վստահելի աղբիւրներու համաձայն` Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող սուրիական խմբաւորումները դեռ կը շարունակեն ծանր կորուստներ կրել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Վերջին ժամերուն այս տարածքին մէջ 14 սուրիացի զինեալ զոհուած է », – նշուած է կեդրոնի կայքին մէջ։

Նոյն աղբիւրի համաձայն` անցեալ շաբաթավերջին եւս 20 զինեալներու մարմիններ Թուրքիոյ տարածքով բերուած Սուրիոյ հիւսիս՝ հիմնականին մէջ Հալէպի նահանգի այն շրջանները, որոնք կը վերահսկուին թրքամէտ խմբաւորումներու կողմէ։

«Ընդհանուր առմամբ հայրենիք վերադարձուած են Լեռնային Ղարաբաղ զոհուած 231 սուրիացիներէն 183-ի մարմինները։ Մօտ հինգ տասնեակը կը շարունակեն մնալ Ատրպէյճան», – կը պնդեն «Մարդու իրաւունքներու դիտարկման կեդրոնի» ներկայացուցիչները։

Չնայած ծանր կորուստներուն եւ հայկական ուժերու կողմէ գերեվարման դէպքերուն՝ Սուրիոյ հիւսիսի մէջ նոր զինեալներու հաւաքագրումը կը շարունակուի, կը պնդէ ամերիկուհի լրագրող՝ Էլիզապէթ Ցուրքով։ Անոր տեղեկութիւններով, ի դէպ, հաւաքագրման գործընթացը նորանոր դրսեւորումներ կը ստանայ։

Եւ չնայած ղարաբաղեան պատերազմին սուրիացիներու մասնակցութեան մասին ի յայտ եկող նորանոր ապացոյցներուն՝ պաշտօնական Պաքուն կը շարունակէ կտրականապէս հերքել այս պնդումները։ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովը “Washington Times” թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. – «Ես Մոսկուա դպրոց գացած եմ։ Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ինչ է քարոզչութիւնը։ Այս պնդումները պարզապէս խորհրդային քարոզչութիւն են, – պնդած է ատրպէյճանցի դիւանագէտը՝ աւելցնելով, – Այս բոլոր ջանքերու նպատակը, փաստերը այնպիսի կեղծ լոյսի ներքոյ ներկայացնելն է, որպէսզի ատիկա Հայաստանին հնարաւորութիւն տայ այս պատերազմի մէջ ներքաշել ռուսական ուժերը՝ Ատրպէյճանի դէմ հակաահաբեկչական գործողութիւն իրականացնելու նպատակով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment