Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի Հրթիռակոծութեան Հետեւանքով Կան Տուժուածներ եւ Աւերուած Տուներ

Ստեփանակերտի Հրթիռակոծութեան Հետեւանքով Կան Տուժուածներ եւ Աւերուած Տուներ

by MassisPost

Ստեփանակերտի մէջ առաւօտեան միացուած օդային տագնապի ազդանշանը դադրեցաւ գրեթէ մէկուկէս ժամ անց: Վնասներ կան քաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ, գրեթէ հիմնայատակ քանդուած է տուներէն մէկը: Ներսը մարդիկ չեն եղած, սակայն հարեւանութեամբ գտնուողները տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են:

«Ինքնաթիռ ա եղել, էստեղ մեծ տուն ա եղել` պեթոնով սարքած, պինդ տուն է եղել, սաղ փլուել ա…

Բայց կապ չունի, մին ա` չենք վախում 100 տոկոս: Մեր մէջ ուժ կայ, ինչ որ ուժ ա տուալ Աստուած, եւ պիտի յաղթենք, ուրիշ բան չկայ»,- կը պատմեն տեղացիները:

Ատրպէյճանական կողմը Ստեփանակերտին հարուածներ հասցուցած էր «Սմերչ»-ի հրթիռներով, կը յայտնեն Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն: Արցախի մայրաքաղաքը հրթիռակոծուած է նաեւ կէսօրին:

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 29-ին, օդային տագնապ միացած էր նաեւ Արցախի միւս բնակավայրերու մէջ` Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ: Այդ քաղաքներուն վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ռազմական օդուժ կիրառած են եւ ոչ առաջին անգամ: Ըստ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան` բնակավայրերուն մէջ աւերներ կան: Խաղաղ բնակիչ տուժող չկայ։

«Ատրպէյճանը շարունակաբար ոտնահարում է միջազգային բոլոր համաձայնագիրները եւ խաղաղ բնակչութեան ու Արցախի բնակավայրերի վրայ կիրառում է անթոյլատրելի զինատեսակներ», – այս մասին յայտարարած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու գերատեսչութիւնը:

Այսօր հրթիռակոծուած է նաեւ Շուշին, կան տուժողներ: Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մօտ բազմաբնակարան շէնքը լրջօրէն վնասուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment