Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն կը Յորդորէ Թրամփը Անձամբ Ներգրաւուիլ Ղարաբաղեան Պատերազմը Դադրեցնելու Համար

Պայտըն կը Յորդորէ Թրամփը Անձամբ Ներգրաւուիլ Ղարաբաղեան Պատերազմը Դադրեցնելու Համար

by MassisPost

Հոկտեմբեր 25-ին պետական քարտուղար Փոմփէոյի յայտարարած հրադադարի տապալումէն յետոյ լայնամաշտապ մարդասիրական աղէտ կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, որ արդէն իսկ չափազանց մեծ վնասներ կրած է եւ որու անվտանգութիւնը պէտք է պաշտպանուի, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու, նախկին փոխնախագահ՝ Ճօ Պայտըն:

Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի թեկնածուն կը պնդէ. – «Մէկամսեայ մարտերէն յետոյ վաղուց եկած է ժամանակը, որ նախագահ Թրամփը անմիջականօրէն ներգրաւէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները, ճնշում գործադրէ անոնց վրայ՝ անյապաղօրէն լարուածութիւնը թուլացնելու եւ ատրպէյճանական զօրքերու առաջխաղացումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ դադրեցնելու պահանջով»:

Պայտըն համոզուած է, որ «չնայած ան քարոզարշաւներու հանրահաւաքներուն կը պարծենար գործարքներ կնքելու իր հմտութիւններով, Թրամփը պէտք է անձամբ ներգրաւուէր այս պատերազմը դադրեցնելու համար»:

«Վարչակազմը պէտք է ամբողջութեամբ կատարէ եւ չսառեցնէ Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ բաժնի պահանջները ռազմական զինատեսակներու հոսքը դէպի Ատրպէյճան դադրեցնելու մասին եւ կոչ ընէ Թուրքիոյ ու Ռուսաստանին վերջ տալու հակամարտութեան թէժացման զէնքի մատակարարումներով, իսկ Թուրքիոյ պարագային՝ նաեւ վարձկաններու փոխադրման», – ընդգծած է ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածուն:

«Միացեալ Նահանգները պէտք է առաջնորդէ դիւանագիտական ջանքերը՝ դադրեցնելու մարտերը, մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ մէկտեղ, եւ նախաձեռնէ միջազգային մարդասիրական օգնութիւն՝ վերջ տալու տառապանքներուն: Իմ կառավարման ներքոյ այդ այն է, ինչ մենք կ’ընենք», – հաւաստիացուցած է Ճօ Պայտըն Արցախի պատերազմի վերաբերեալ իր հերթական յայտարարութիւնով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment