Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արցախէն Հայաստան Ապօրինի Զէնք-Զինամթերք Տեղափոխելու Համար Մեղադրանք Առաջադրուած Է Երեք Անձի

Արցախէն Հայաստան Ապօրինի Զէնք-Զինամթերք Տեղափոխելու Համար Մեղադրանք Առաջադրուած Է Երեք Անձի

by MassisPost

Արցախէն Հայաստան ապօրինի զէնք-զինամթերք տեղափոխելու համար մեղադրանք առաջադրուած է երեք անձի, կը հաղորդէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը։ Միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան զանոնք կալանաւորելու համար։ Ըստ իրաւապահներուն` դեռեւս չպարզուած ժամանակահատուածի եւ հանգամանքներու մէջ խումբ մը անձեր նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի ձեռք բերած են եւ Հ.Մ-ի վարած ինքնաշարժով ապօրինի փոխադրած են երկու ինքնաձիգ, 77 փամփուշտ եւ 1 նռնակ:

Իրաւապահները այս ամէնը յայտնաբերած են Հոկտեմբեր 26-ին։ Քրէական գործ յարուցուած է ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը յօդուածով։ Ինքնաշարժի սեփականատէրը, վարորդը եւ ուղեւորը ձերբակալուած են։

Երէկ՝ Հոկտեմբեր 28-ին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), Արցախէն Հայաստան անօրինական ճանապարհով զէնք-զինամթերք տեղափոխելու փորձերուն անդրադառնալով, ընդգծած էր, որ անոնց մէջ ներգրաւուած եղած են նաեւ քրէական ենթամշակոյթ կրող անձեր։ Ընդ որում, անոնք այդ քայլին դիմած են ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող որոշ անձերու միջոցով: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը նաեւ զգուշացուցած էր, որ իրաւապահները համարժէք կոշտ միջոցներ կը ձեռնարկեն անօրինականութիւններ կատարողներու նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment