ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Շուշիէն հանդէս եկած է տեսաուղերձով․
«Ինչպէս 1992-ին, երբ մեր յաղթարշաւը սկսաւ Շուշիի ազատագրումէն, այսօր ալ մեր յաղթարշաւը պայմանաւորուած է Շուշիի պաշտպանութենէն: Թշնամին կը գտնուի այստեղէն ընդամէնը քանի մը քմ հեռաւորութեան վրայ, առաւելագոյնը 5: Թշնամիի գերնպատակն է գրաւել Շուշին, տիրանալ Շուշիին:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր՝ այս վճռորոշ պատմական պահուն, երբ թուրք-ատրպէյճանական ու ահաբեկչական հրոսակախումբերը իրենց ողջ ռազմական միջոցներով յարձակած են Արցախ աշխարհի վրայ՝ նպատակ ունենալով հազարամեակներով իր բնօրրանին մէջ ապրող արցախահայութիւնը բնաջնջել կամ վտարել սեփական հայրենիքէն, մենք կենաց-մահու կռիւ կու տանք ՝ բոլոր առումներով անհաւասար պայմաններու մէջ։
Շուշին լոկ քաղաք չէ, այն հայ ժողովուրդի սեփական բնօրրանին մէջ ապրելու վճռականութեան խորհրդանիշն է, հայ ժողովուրդի յաղթանակներու խորհրդանիշը։ Շուշին համայն հայութեան բաբախող սիրտն է:
Որպէս Արցախի գերագոյն գլխաւոր հրամանատար՝ անգամ մը եւս կոչ կ’ընեմ՝ միացէ՛ք, միասին պաշտպանենք մեր Շուշին, մեր Արցախը, մեր ազգային արժանապատւութիւնը…»,- ըսուած է ԱՀ նախագահի ուղերձին մէջ։