Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեան Կոչ Ըրաւ Միանալ Շուշիի Պաշտպանութեան

Արայիկ Յարութիւնեան Կոչ Ըրաւ Միանալ Շուշիի Պաշտպանութեան

by MassisPost

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Շուշիէն հանդէս եկած է տեսաուղերձով․

«Ինչպէս 1992-ին, երբ մեր յաղթարշաւը սկսաւ Շուշիի ազատագրումէն, այսօր ալ մեր յաղթարշաւը պայմանաւորուած է Շուշիի պաշտպանութենէն: Թշնամին կը գտնուի այստեղէն ընդամէնը քանի մը քմ հեռաւորութեան վրայ, առաւելագոյնը 5: Թշնամիի գերնպատակն է գրաւել Շուշին, տիրանալ Շուշիին:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր՝ այս վճռորոշ պատմական պահուն, երբ թուրք-ատրպէյճանական ու ահաբեկչական հրոսակախումբերը իրենց ողջ ռազմական միջոցներով յարձակած են Արցախ աշխարհի վրայ՝ նպատակ ունենալով հազարամեակներով իր բնօրրանին մէջ ապրող արցախահայութիւնը բնաջնջել կամ վտարել սեփական հայրենիքէն, մենք կենաց-մահու կռիւ կու տանք ՝ բոլոր առումներով անհաւասար պայմաններու մէջ։

Այժմ անոնք կը սպառնան մեր հայրենիքին ու գոյութեան ոչ միայն ողջ առաջնագիծի երկայնքով, այլ նաեւ լրջագոյն ռազմական միջոցներ ներդրելով Շուշիի ուղղութեամբ՝ նպատակ ունենալով ամէն գնով տիրել հայոց հպարտ բերդաքաղաքին:

Շուշին լոկ քաղաք չէ, այն հայ ժողովուրդի սեփական բնօրրանին մէջ ապրելու վճռականութեան խորհրդանիշն է, հայ ժողովուրդի յաղթանակներու խորհրդանիշը։ Շուշին համայն հայութեան բաբախող սիրտն է:

Որպէս Արցախի գերագոյն գլխաւոր հրամանատար՝ անգամ մը եւս կոչ կ’ընեմ՝ միացէ՛ք, միասին պաշտպանենք մեր Շուշին, մեր Արցախը, մեր ազգային արժանապատւութիւնը…»,- ըսուած է ԱՀ նախագահի ուղերձին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment