Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Էրտողան Փութինին Առաջարկած է «Միասին Լուծել Ղարաբաղի Հարցը»

Էրտողան Փութինին Առաջարկած է «Միասին Լուծել Ղարաբաղի Հարցը»

by MassisPost

ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը, յղում ընելով NTV թրքական հեռատեսիլային կայանին, կը հաղորդէ, որ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ռուսաստանցի պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ երէկուայ հեռախօսազրոյցի ընթացքին առաջարկած է համագործակցիլ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու հարցով:

Այդ մասին Էրտողան ըսած է՝ այսօր՝ Հոկտեմբեր 28-ին ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանի՝ Ազգային մեծ ժողովի նիստին, զոր ուղիղ եթերով հեռարձակած է NTV-ն:

«Մենք լաւ բանակցութիւններ կատարեցինք Փութինի հետ: Մանրամասնօրէն քննարկեցինք Ղարաբաղի խնդիրը: Մենք ըսինք. – «Եկէք աւարտենք այս ամէնը Կովկասի մէջ, կ’ուզէք՝ համատեղ քայլեր ընենք, խօսինք կողմերուն հետ»: Հիմա կարեւոր է յստակ որոշել՝ պիտի լուծ՞ենք այս խնդիրը, թէ՞ ոչ», – յայտարարած է Էրտողան խորհրդարանէն ներս:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութինը եւ Թայէպ Էրտողան չեն քննարկած թրքական կողմի մասնակցութեան հարցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացով: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի առաջնորդի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով, կը հաղորդէ «Կազեթա»-ն:
«Այդ օրակարգի վրայ չէ եղած»,- ըսած է Փեսքով:

Պետութիւններու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 27-ին:

Փեսքով յիշեցուցած է, որ աւելի վաղ պարզաբանած է դիրքորոշումը Անգարայի` բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւման խնդրին վերաբերեալ: Ան նշած է, որ նոր տարրեր չեն յայտնուած, իսկ մարտերը ղարաբաղեան տարածաշրջանին մէջ դեռ կը շարունակուին եւ ափսոսանք ու անհանգստութիւն կ’առաջացնեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment