Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Պաշտպանութեան Համազգային Բնոյթ Հաղորդելու Նպատակով կը Ստեղծուի Աշխարհազօր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Համազգային Բնոյթ Հաղորդելու Նպատակով կը Ստեղծուի Աշխարհազօր

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան համազգային բնոյթ հաղորդելու, հակառակորդի ոտնձգութիւններուն պատշաճ հակահարուած տալու նպատակով կը ստեղծուի աշխարհազօր։ Աշխարհազօր ստեղծելու քննարկումները սկսած էին ամիսներ առաջ, սակայն պատերազմական իրավիճակով պայմանաւորուած անիկա խորհրդարան հասաւ արտահերթ կարգով։ Այսպիսով, կամաւորական ուժերու ճիշդ կառավարման հնարաւորութիւն կը ստեղծուի, ըսաւ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեան։

«Այս նախագծով մեր պաշտօնական գերատեսչութիւնը ունենալու է հնարաւորութիւն աշխարհազօրի գաղափարի շուրջ համախմբել կամաւորական աւելի կառավարելի աստիճան ունեցող մեր միջոցը», – ըսաւ Քոչարեան:

Ըստ նախագիծին՝ աշխարհազօրով հնարաւոր կ’ըլլայ հակառակորդի հաւանական գործողութիւններէն յուսալիօրէն պաշտպանել երկրի տարածքը, բնակչութիւնը, կարեւորագոյն կառոյցներն ու ենթակառուցուածքները: Աշխարհազօրին մէջ կ’ընդգրկուին պահեստազօրէն ներս հաշւառուած եւ պատերազմական ժամանակի հաստիքներու չկցագրուած քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ հաշուառուած քաղաքացիները։ Անդամագրումը կամաւորութեան սկզբունքով է, մանրամասնեց պաշտպանութեան փոխ նախարար՝ Գաբրիէլ Պալայեան։

«Այն քաղաքացիները, որոնք ունեն համապատասխան զինուորական հաշուառում պահեստազօրում եւ կցագրում, նրանք աշխարհազօրի կազմի մեջ չեն մտնելու: Նրանց մասին է խօսքը, որոնք կամաւորներ են եւ համապատասխան զինուորական պարտաւորութիւն չունեն», – ըսաւ Պալայեան:

Հարցին, թէ կան քաղաքացիներ, որոնք ազատուած են զորակոչուելու պարտաւորութենէն, անոնք կրնա՞ն աշխարհազօրին մէջ մտնել, փոխ նախարարը պատասխանեց. «Այո, նրանք կցագրում չունեն»:

Աշխարհազօրայինին կ’ամրակցուի կը կցուի զէնք եւ կը յատկացուի զինուորական համազգեստ։ Ընդհանուր ղեկավարումը պիտի գլխաւորէ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապը՝ աշխարհազօրային շտապի միջոցով։ Զօրամիաւորման հրամանատարը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր տարածքային կառավարման մարմնի ղեկավարի տեղակալը։ Աշխարհազօրը պիտի կազմուի զօրամիաւորումներէն, բրիգադներից ջոկատներէն ու գումարտակներէն։ Իսկ համալրումը պիտի կատարուի Պաշտպանութեան նախարարութեան զօրակոչային ու զօրահաւաքային համալրման ծառայութեան տարածքային ստորաբաժանումներուն մէջ։

Մէկ այլ նախագիծով կը յստակացուի ռազմական դրութեան ընթացքին ռազմական խնդիրները լուծելու նպատակով ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու գոյքը տնօրինելու կարգը։ Եթէ պետութեան տիրապետութեան ներքոյ գտնուող համապատասխան գոյքը բաւարար չըլլայ, պետութիւնը կրնայ տնօրինել քաղաքացիներու գոյքը։ Անհրաժեշտութեան պարագային պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան, ոստիկանութեան, առողջապահութեան, արտակարգ իրավիճակներու եւ այլ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները գոյքի օրինական տիրապետողին կ’առաջարկեն տրամադրել զայն համապատասխան մարմնին: Կամաւոր չյանձնելու պարագային գոյքը կրնան վերցնել հարկադիր կարգով:

«Օրէնքի նախագծով նախատեսուում է, որ եթէ գոյքի կորուստ է, ոչնչացում է եւ այլն, համարժէք փոխհատուցում է տրամադրուում՝ վնասի չափին համարժէք: Այսիքն եթէ հնարաւոր կը լինի այդ գոյքը օգտագործելուց յետոյ վերադարձնել նորոգելուց յետոյ, ապա կը նորոգուի, նոր կը վերադարձուի, եթէ ոչնչացուում է եւ այլն, ուրեմն համապատասխան փոխհատուցումը էլի կը տրուի», – նշեց Պալայեան:

Այս նախագիծերը Ազգային ժողովը այսօր՝ Հոկտեմբեր 28-ին ընդունեց միաձայն եւ ամբողջութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment