Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրանը ԼՂ Հակամարտութեան Տեւական Կարգաւորման Նախագիծ Մշակած Է. Զարիֆ

Իրանը ԼՂ Հակամարտութեան Տեւական Կարգաւորման Նախագիծ Մշակած Է. Զարիֆ

by MassisPost

Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովէն ներս մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զարգացումներուն նուիրուած քննարկման։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, վկայակոչելով IRNA գործակալութիւնը, նիստի ընթացքին Զարիֆ յայտարարած է․ «Հիմա փոխ արտաքին գործոց նախարարը Արեւելեան Ատրպատական է, կ’այցելէ Խուտաֆերինի ջրամբար, որմէ յետոյ Պաքու, Մոսկուա եւ Երեւան պիտի մեկնի։ Իրանը ԼՂ հակամարտութեան տեւական կարգաւորման համար նախագիծ մշակած է, որ այսօր-վաղը կը ներկայացուի, եւ յետոյ Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ նաեւ հետամուտ կ’ըլլանք»։

Զարիֆ աւելցուցած է, որ իրենց կ’անհանգստացնէ տարածաշրջանին մէջ թաքֆիրի ահաբեկիչներու եւ նաեւ այլ ահաբեկիչներու ներկայութիւնը: «Այս առնչութեամբ մենք յստակ ըսած ենք, որ այդ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար անընդունելի է»,- ըսած է Զարիֆ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment