Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղ Լուծումէն Բացի, Այլ Լուծում Չի Կրնար Ըլլալ. Ըսած Է Փութինի Խօսնակը

Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղ Լուծումէն Բացի, Այլ Լուծում Չի Կրնար Ըլլալ. Ըսած Է Փութինի Խօսնակը

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան կը համարէ, որ ղարաբաղեան ճգնաժամի կարգաւորման գործընթացը պէտք չէ եւ չի կրնար ըլլալ ռուս-ամերիկեան քաղաքական մրցակցութեան հարթակ: Այս մասին այսօր՝ Հոկտեմբեր 26-ին յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը: Տմիթրի Փեսքով աւելցուցած է, որ Ղարաբաղի մէջ խաղաղ լուծումէն բացի, այլ լուծում չի կրնար ըլլալ:

«Այսօր ուշադրութեամբ կը հետեւինք իրավիճակին եւ նախկինին պէս համոզուած ենք, որ հնարաւոր է միայն խնդրի քաղաքական խաղաղ կարգաւորում», – ըսած է Փութինի խօսնակը:

Մոսկուան դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական լուծման եւ կոչ կ’ընէ բոլոր արտաքին խաղացողներուն ձեռնպահ մնալու ռազմական սենարներէն: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Աթէնքի եւ Մակեդոնիոյ լուրերու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին Յունաստան կատարելիք այցի նախօրէին. – «Չենք թաքցներ, որ չենք պաշտպաներ այդ խնդրի ռազմական լուծման հնարաւորութեան եւ թոյլատրելիութեան մասին դիրքորոշումը: Դիտարկելով երկու ժողովուրդներուն` եւ հայ, եւ ատրպէյճանցի, որպէս բարեկամական եւ եղբայրական, չենք կրնար կիսել նման ձգտումները»:

Սերկէյ Լաւրով յիշեցուցած է, որ բացառապէս քաղաքական կարգաւորման օգտին յստակ արտայայտուած են Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ ղեկավարներ: «Կոչ կ’ընենք բոլոր արտաքին խաղացողներուն ընելու ամէն ինչ, որպէսզի թոյլ չտան ռազմական սենարի հետագայ տարածումը, սառեցնեն կողմերու յոյզերը, աշխուժացնեն խաղաղ գործընթացի վերագործարկման համար պայմաններու ստեղծման աշխատանքը», – ամփոփած է Լաւրով` յիշեցնելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի մասնակցութեամբ պայմանաւորուած են հրադադարի եւ բանակցային գործընթացի վերսկսման մասին. – «Կը Համոզենք թուրք գործընկերները, որ իրենց ազդեցութիւնը օգտագործեն ի շահ նման գծի աջակցութեան»:

Ռուսաստանցի մեկնաբաններն ու փորձագէտները կը գրեն, որ նոյնիսկ պաշտօնական Մոսկուան կը խոստովանի, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի վրայ աւելի մեծ է, քան Ռուսաստանի ազդեցութիւնը, իսկ այս կը նշանակէ, որ Հարաւային Կովկասը դարձած է ռուս-թրքական լուրջ մրցակցութեան եւս մէկ հարթակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment