Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Նախագահները Կը Շեշտեն Հրադադարի Պահպանման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Նախագահները Կը Շեշտեն Հրադադարի Պահպանման Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները Փարիզի մէջ՝ Էլիզէ  պալատին մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Էմմանուէլ Մաքրոնին՝ նշելով, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Ֆրանսայի եւ անձամբ նախագահ Մաքրոնի ջանքերն ու դիրքորոշումը հակամարտութեան կարգաւորման հարցով:

Սարգսեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը կը շարունակուի, կը թիրախաւորուին Արցախի բնակավայրերը, խաղաղ բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, որու հետեւանքով կան զոհեր ու վիրաւորներ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ։ Հայաստանի նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուող ռազմաքաղաքական աջակցութեան առնչութեամբ, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ՝ որպէս երրորդ կողմի, նման ծաւալի ներգրաւուածութիւնը աւելի կը սրէ իրավիճակը եւ կը վտանգէ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ տարածաշրջանին համար առանձնակի սպառնալիք են Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան բերուած եւ այնուհետեւ այդ երկրի բանակի կազմէն ներս Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող իսլամ ահաբեկիչները, որոնք, չի բացառուիր, որ ինչ որ ժամանակ յետոյ յայտնուին նաեւ այլ երկիրներ, անոնց կարգին` նաեւ Եւրոպա:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ Մաքրոն նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող ռազմական գործողութիւններու եւ ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ:

Նախագահները համակարծիք եղած են, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, եւ կարեւորութիւն տուած են հրադադարի հաստատման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը:

Սարգսեան ու Մաքրոն ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի դերը հակամարտութեան կարգաւորման գործով եւ կարեւորած Մինսքի խումբի համանախագահութեամբ հնարաւորինս շուտ բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները նաեւ փաստած են, որ երկու ժողովուրդներու բազմադարեան կապերու ու բարեկամութեան հենքին վրայ կառուցուած հայ-ֆրանսական առանձնայատուկ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ բարեկամութեան եւ փոխըմբռնման ոգիով:

Արմէն Սարգսեան, յիշեցնենք, որ Փարիզ մեկնած է Պրիւքսելէն, ուր հանդիպումներ ունեցած էր ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի, Եւրամիութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ՝ Ժոզեփ Պորելի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շառլ Միշելի հետ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment