Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կը Շարունակուի «Վարձկան-Ահաբեկիչներէն Կազմուած Ներթափանցող Խումբերու Ոչնչացումը», կը Յայտնէ Պաշտպանութեան Բանակը

Կը Շարունակուի «Վարձկան-Ահաբեկիչներէն Կազմուած Ներթափանցող Խումբերու Ոչնչացումը», կը Յայտնէ Պաշտպանութեան Բանակը

by MassisPost

Արցախեան այս նոր պատերազմի հերթական գիշերը կրկին խաղաղ չէ եղած, հակամարտութեան գօտիին վրայ առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մարտերն ու փոխհրաձգութիւնները, կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը: Առաւօտեան տեղային նշանակութեան մարտեր ընթացած են ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով։

«ՊԲ ստորաբաժանումների կողմից շարունակուում է վարձկան-ահաբեկիչներից կազմուած թշնամական ներթափանցող խմբերի յայտնաբերման եւ ոչնչացման գործողութիւնը»,- կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գերատեսչութիւնը։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան կէսօրէ ետք դիմատետրի գրառումով տեղեկացուց, որ թէժ մարտեր կ’ընթանան նաեւ արեւելեան ուղղութեամբ։ Երէկ ուշ երեկոյեան ասուլիսի ընթացքին Յովհաննիսեան յայտնած էր, որ Հոկտեմբեր 22-ին մարտեր ընթացած են հիւսիսային, հարաւային ու կեդրոնական ուղղութիւններում. – «Հարաւում տարբեր կէտերում, տարբեր օջախների հատուածներում հակառակորդի տարբեր զօրախմբերը փորձել են առաջխաղացում ապահովել ինչպէս դէպի արեւմուտք, այնպէս էլ դէպի հիւսիս եւ հիւսիս-արեւմուտք: Բոլոր առաջխաղացման փորձերը կասեցուած են, որոշ տեղերում յետ են շպրտուել` հակառակորդին պատճառելով զգալի թուով կորուստներ, այդ թուում նաեւ զրահամեքենայի կորուստներ: Հիմնական մարտական գործողութիւններն ընթանում են հրետանային համազարկների, հրետանային միջոցների կիրառմամբ նուազագոյն հետեւակի կիրառութեամբ»:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը այսօր հրապարակեց զոհուած եւս 27 զինուորականներու անուններ։ Այսպիսով, հայկական կողմը հաղորդած է 924 զոհի մասին։ Ատրպէյճանական կողմը իր զոհերու մասին առայժմ կը լռէ` յայտարարելով, թէ տեղեկութիւնը ռազմական գաղտնիք է:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ երէկ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հրետակոծած են Ասքերան քաղաքը, կէսգիշերուան ընթացքին կրկին թիրախաւորած Մարտունին: Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան դիմատետրի գրառումով յայտնած է, որ ատրպէյճանական կողմի այս հարուածներու հետեւանքով խաղաղ բնակչութեան մէջ տուժողներ չկան, սակայն հայկական կողմը մեծ նիւթական վնասներ կրած է։

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան հաղորդումով ` ժամը 14-էն յետոյ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրադ կայանքէն հրթիռակոծած են Քաշաթաղի շրջանի Քարեգահ համայնքի տարածքը, այնուհետեւ Քարեգահ-Բերձոր ճանապարհահատուածը, ռմբակոծուած է նաեւ Մարտակերտը։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի վաղ հերքած էր Արցախ գտնուող քաղաքները թիրախաւորելու յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ հայկական կողմը հարուածած է ատրպէյճանական երեք շրջաններ։

Գեղարքունիքի մարզպետ՝ Գնել Սանոսեան երէկ ուշ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է Հոկտեմբեր 1-ին, Մեծ Մասրիկ գիւղի մէջ ատրպէյճանական զինուժի հրետակոծութեան հետեւանքով վիրաւորում ստացած տղամարդը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment