Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Յովհաննիսեանի Հաղորդմամբ` Ամենածանր Ճակատները Կը Շարունակեն Մնալ Հիւսիսային Ու Հարաւային Ուղղութիւնները

Յովհաննիսեանի Հաղորդմամբ` Ամենածանր Ճակատները Կը Շարունակեն Մնալ Հիւսիսային Ու Հարաւային Ուղղութիւնները

by MassisPost

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն՝ չնայած գիշերը Արցախի բոլոր բնակավայրերու մէջ հրադադարը համեմատաբար պահպանուած է, այդուհանդերձ լուսադէմին Մարտակերտը իր յարակից գիւղերով ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներով կրկին յայտնուած է հակառակորդի նշանակէտը: Հայկական կողմի հաղորդմամբ` երէկ Ատրպէյճանը նոյն ուղղութեամբ կիրառած է օդուժ եւ ռմբակոծած քաղաքացիական ենթակառուցուածքները՝ կոպտօրէն խախտելով ոչ միայն հաստատուած մարդասիրական հրադադարը, այլեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կիրառելով արգիլուած զինատեսակներ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն»ին հաղորդեց, որ ամենածանր ճակատը դեռ կը շարունակեն մնալ հիւսիսային ու հարաւային ուղղութիւնները. – «Առաւօտուանից մարտական գործողութիւնները շարունակուում են տարբեր ուղղութիւններով: Յստակ առարկայական ինչ որ փոփոխութիւն չկայ մարտական գործողութիւնների ընթացքի մէջ: Իրավիճակի լարուածութիւնը բաւականին բարձր է»: Հարցին, թէ յատկապէս որ հատուածներուն մէջ իրավիճակի սրում կը նկատուի, ան պատասխանեց. – «Միշտ էլ նոյնն է` հիւսիսային ուղղութիւնը, հարաւայինը, որը աւելի շատ ծանր ճակատ է մնում վերջին 20 օրերի ընթացքում»:

NKR-Soldiers4

Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան իր դիմատետրի էջին գրած է. «Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներն այսօր առաւօտեան հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդի ինքնաթիռ են խոցել»։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ իր հերթին յայտարարութիւն կը տարածէ, թէ այսօր` մինչեւ 13։30-ը 4 հայկական անօդաչու թռչող սարք խոցած են: Ատրպէյճանական կողմը, ի դէպ, կը շարունակէ լռել սեփական ռազմական կորուստներու մասին` պնդելով, թէ այդ «ռազմական գաղտնիք է»: Ատրպէյճանական կողմը նաեւ կը յայտնէ, թէ հայկական զինուած ուժերը առտուընէ կը գնդակոծեն Թարթառ քաղաքն ու յարակից տարածքները:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն»ին հետ զրոյցի ընթացքին հերքեց այս լուրը. – «Լկտի սուտ է դա, լկտի սուտ, որովհետեւ հայկական զինուած ուժերը երբեք չեն արել նման բան ու երբեք չեն թիրախաւորել միտումնաւոր որեւէ խաղաղ բնակավայր: Դա ոչ մեր ձեռագիրն է, ոչ էլ մենք ուզում ենք միջոցներ ծախսենք քաղաքացիական բնակչութեան վրայ»:

Պաշտպանութեան բանակը այսօր՝ Հոկտեմբեր 21-ին, հրապարկեց 62 զոհուած զինծառայողի անուն: Պատերազմի 25-րդ օրն է, հայկական կողմը յայտնած է 833 զոհի մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment