Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէջ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրուած է Արցախի անկախութիւնը ճանաչելու մասին բանաձեւ։ Նախօրէին նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է հայաշատ Քալիֆորնիոյ ընտրուած Քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանօն:
«Արցախը կարծես ամերիկեան պատմութիւն է՝ ազատ ժողովուրդի յաղթանակը օտար կառավարման դէմ: Այդ հպարտ Հանրապետութեան քաղաքացիները կը մարմնաւորեն մեր իսկ Անկախութեան հռչակագիրի բառերը»,- կը գրէ Քոնկրեսականը Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ՝ Նենսի Փելոսիին հասցէագրած փաստաթղթին մէջ:
«Առաջ երթալու ճանապարհը ազատութեան ճանապարհն է, այդ է պատճառը, որ ես Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի անկախութեան պաշտօնական ճանաչման կոչ կ’ընեմ։ Ազատութիւնը Արցախի գոյատեւման համար մնացած միակ պատասխանն է՝ պատմականօրէն հիմնաւորուած, օրէնքի վրայ հիմնուած անջատումը որպէս ապաքինում», – պնդած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամը՝ եզրափակելով. – «Յետդարձի ճանապարհ չկայ: Արցախը պէտք չէ վերադառնայ Ատրպէյճանին»:
Քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանօն Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմնի մէջ առաջին անգամ ընտրուած է 1998 թուականին եւ վերընտրուած է տասը անգամ: Անցեալ տարիներուն ամերիկահայ կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած հարցումներուն համաձայն՝ անոր օրէնսդրական գործունէութիւնը, մասնաւորապէս՝ ամերիկահայերու հարցերու շուրջ դիրքորոշումները, ծագումով հայ ընտրողները գերազանց գնահատած են:
Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցով Կրէյս Նափոլիթանոյի նախաձեռնութիւնը կը յաջորդէ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի մէկ այլ՝ առաւել ազդեցիկ ներկայացուցչի՝ Ատամ Շիֆի յայտարարութեան՝ «եթէ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան հետաքրքրուած չեն Արցախի հարցի շուրջ բանակցութիւններով, ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ը ճանաչէ Լեռնային Ղարաբաղը որպէս անկախ պետութիւն»:
Վերջին օրերուն, խումբ մը Քոնկրեսականներ՝ Շիֆի գլխաւորութեամբ, նամակով դիմած էին ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէոյին՝ յորդորելով վճռական քայլեր ձեռնարկելու եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի սադրիչ յարձակումը ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակման մէջ Թուրքիոյ կործանարար դերակատարումը:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումէն ի վեր Միացեալ Նահանգները տարբեր մակարդակներով, անոնց կարգին՝ Սպիտակ տան ղեկավարի, Մինսքի խումբի համանախագահներու ծիրէն ներս եւ առանձին, հանդէս եկած է կրակի անյապաղ դադրեցման եւ երկխօսութիւնը վերականգնելու կոչերով, իսկ այս շաբաթավերջին ալ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ կը հիւրընկալէ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէօն:
Այդ հանդիպման նախաշեմին ծերակուտական Էտուարտ Մարքին դիմած է ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարին՝ յորդորելով հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադրեցման եւ խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու միջոցով:
«Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ Ատրպէյճանի յարձակման գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ պէտք է անյապաղ դադրեցուին։ Պետական քարտուղար Փոմփէօն պէտք է յստակացնէ, որ Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ պատրաստ է նպաստել բանակցութիւններուն», – յայտարարած է Մասաչուսեցէն ընտրուած ծերակուտականը՝ համոզմունք յայտնելով, որ խնդիրը Ատրպէյճանի կողմէն ռազմական ուժով լուծելու փորձերը «միջազգային հանրութեան այլընտրանք չեն թողներ, քան անցնիլ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման՝ կառուցողական բանակցութիւններու բացակայութեան պայմաններուն տակ»:
Ծերակուտական Մարքիի պնդմամբ՝ պետական քարտուղար՝ Փոմփէօն եւ նախագահ՝ Թրամփը «սերտ կապեր հաստատած են Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողանի հետ» եւ «պէտք է իրենց մենատիրական ընկերոջը հասկցնեն, որ այս հակամարտութեան մէջ անոր հետագայ մասնակցութեան գինը կ’ըլլայ ԱՄՆ-ի վարչակազմի հետ ջերմ յարաբերութիւններու եւ ռազմական օգնութեան դադրեցումը»: