Ուրուկուէյի հայերը նորէն դուրս ելան փողոց՝ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ կատարուող պատերազմին դէմ:
Մոնթեվիտէոյի ծովեզերքը տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով, հարիւրաւոր ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ:
ինքնաշարժներով երթի կարգախօսն էր՝ խաղաղութիւն Արցախի համար եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ու անկախութեան ճանաչում:
Ուրուկուէյի լրատուամիջոցները լայնօրէն կը լուսաբանեն ղարաբաղեան պատերազմը եւ հակամարտութեան ծագումը:
Ուրուկուահայերը յայտարարած են, որ ջանք պիտի չխնայեն, որպէսզի Ուրուկուէյի պետութիւնը իր նպաստը բերէ Արցախի մէջ նոր հայկական ցեղասպանութեան մը կանխարգիլման: