Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութին Խօսած է ԼՂ Հակամարտութեան Մասին՝ Զայն Անուանելով «Ողբերգութիւն»

Փութին Խօսած է ԼՂ Հակամարտութեան Մասին՝ Զայն Անուանելով «Ողբերգութիւն»

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղ ծաւալուող ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն 11 օր անց՝ այսօր՝ Հոկտեմբեր 7-ին,  առաջին անգամ հրապարակային խօսած է հակամարտութեան մասին, տեղի ունեցածը անուանելով «ողբերգութիւն»:

«Ողբերգութիւն է, մենք շատ անհանգստացած ենք, որովհետեւ թէ՛ Ատրպէյճանը, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը տարածքներ են, ուր կ’ապրին մեզի համար ոչ օտար մարդիկ: Բաւական է միայն ըսել, որ մեր մօտ՝ Ռուսաստան, կ’ապրի շուրջ 2 միլիոն ատրպէյճանցի եւ մեր հաշուարկներով 2 միլիոնէն աւելի հայ», – յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահը:

Փութինը յուսացած է, որ ռազմական գործողութիւնները ամենամօտ ժամկէտներուն կը դադրեցուին։

Ռուսաստանի նախագահը, անդրադառնալով Հայաստանի հանդէպ ունեցած դաշնակցային պարտաւորութիւններու կատարման, նշած է,-

«Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի անդամ է, եւ այդ պայմանագրի ծիրէն ներս Ռուսաստանը Հայաստանի հանդէպ որոշակի պարտաւորութիւններ ունի: Ռազմական գործողութիւնները Հայաստանի տարածքին մէջ չեն ընթանար: Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի կողմէ ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս իր պայմանագրային պարտաւորութիւններու կատարման, ապա մենք տեւական զանոնք կատարած ենք, կը կատարենք եւ պիտի շարունակենք կատարել», – ըսած է Փութին:

Խօսելով Հայաստանի վարչապետի հետ յարաբերութիւններուն մասին, Վլատիմիր Փութին նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մշտական աշխատանքային շփման մէջ է, եւ Հայաստանի ղեկավարութեան մօտ հարց չկայ կապուած Ռուսաստանի կողմէ դաշնակցային պարտաւորութիւններու կատարման որակին հետ: Ի դէպ, վերջին 11 օրուայ ընթացքին Հայաստանի վարչապետը Փութինին զանգած է չորս անգամ:

Վլատիմիր Փութին այսօր չէ խօսած ո՛չ ահաբեկիչներու մասին, որոնք կը կռուին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս, ո՛չ ալ ռուս խաղաղապահներուն, որոնց մասին վերջերս յաճախ կը խօսին ռուսաստանցի փորձագէտները:

Պատերազմը սկսելէն ի վեր, առաջին անգամ Ռուսաստանի նախագահը այսօր զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Իլհամ Ալիեւ այսօր զանգահարած է իր ռուսաստանցի պաշտօնակիցին՝ շնորհաւորելով վերջինիս ծննդեան տօնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment