Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտպանութեան Բանակը Այսօր Հրապարակած է 40 Նոր Զոհուած Զինծառայողի Անուն

Պաշտպանութեան Բանակը Այսօր Հրապարակած է 40 Նոր Զոհուած Զինծառայողի Անուն

by MassisPost

Ռազմական գործողութիւններու 11 օրերու ընթացքին արդէն յայտնի է հայկական կողմի 280 զոհի մասին։ Ատրպէյճանական կողմը զոհուած զինծառայողներու վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չի յայտներ։

Գիշերն ու առաւօտեան մարտերը շարունակուած են, գիշերուայ ընթացքին, ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանի, Ատրպէյճանը փորձած է առաջանալ եւ ամրանալ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ՝ Ճեպրայիլ չհասած, սակայն հայկական զինուած ուժերը խոցած են ատրպէյճանական ստորաբաժանումները։ Հայկական կողմի հաղորդմամբ՝ առաւօտեան 06:30-ին հերթական հրթիռահրետանային հարուածէն յետոյ, Ատրպէյճանը մարտադաշտ ձգած է եւս 60 զոհ, ինչպէս նաեւ 22 միաւոր խոցուած եւ քանի մը տասնեակ սարքեր։

«Այդ զօրախումբը կրել է զգալի կորուստներ՝ մի քանի տասնեակ մահացածներ, զգալի թւով զրահամեքենաներ, որոնց մի մասը անվնաս թողել եւ դաշտից փախել են», – ըսաւ Յովհաննիսեանը։

Բացի այդ, հարաւարեւելեան ուղղութեամբ խոցուած է Ատրպէյճանի վառելանիւթերու պահպանման խոշոր կայան։ Խոցուած կայանին մօտ, ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանին, նաեւ զօրամաս եղած է․ – «Լրաճշդուած տուեալների համաձայն, խոցուած նաւթամթերքի պահեստին կից ըստ էութեան ոչնչացել է ատրպէյճանական մէկ գումարտակ, ուժեղացուած հրետանային բաժանմունքով եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատով։ Դա, կարելի է ասել, կազմում է մի ամբողջ զօրամաս»։

Արծրուն Յովհաննիսեանի հաղորդմամբ՝, երէկ՝ Հոկտեմբեր 6-ին,  Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները բարելաւած են դիրքերը հիւսիսային ուղղութեամբ․ Պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» ջոկատի աշխոյժ մասնակցութեամբ, ետ վերադարձուած է Վարանգաթաղ կամ Լուլասազ կոչուող բարձունքը․ – «Բարելաւումները ամէն րոպէ կարող են տեղի ունենալ։ Կարող եմ ասել, որ հիւսիսային ուղղութեան մասին է խօսքը»։

Մինչ այդ, ըստ Յովհաննիսեանին, Ատրպէյճանը շարունակած է թիրախաւորել Ստեփանակերտն ու Արցախի այլ բնակավայրեր։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ նաեւ, որ արցախա-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններու հարաւային ուղղութեան կողմը ատրպէյճանական ստորաբաժանումները մեծաթիւ խումբերով կը կուտակուին անմիջապէս արցախա-իրանական սահմանի՝ Արաքս գետի երկայնքով, եւ այդպիսով կը պատսպարուին Իրանի այդ սահմանով եւ կը փորձեն առաջ շարժիլ։ Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ հայկական ուժերը հրթիռային եւ հրետանային կրակով վնաս պատճառած են երեք ջոկատի։

Արծրուն Յովհաննիսեան իրանական սահմանի մօտ ատրպէյճանական զօրքերու տեղայակուիլը որակած է հերթական սադրանք, աւելցնելով, որ այդ մարտավարութեամբ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ հրահրել արցախեան կողմին կրակ բանալ կամ հարուածներ հասցնել սահմանի երկայնքով, փաստացի Իրանի ուղղութեամբ:

Ըստ Յովհաննիսեանին,  Իրանը տեղեակ է վիճակէն եւ գործողութիւններ կը ձեռնարկէ․ – «Այո, Իրանից կայ պատասխան, եւ բարեբախտաբար՝ ոչ զուտ քաղաքական յայտարարութիւնների տեսքով։ Այլ բան չեմ կարող մեկնաբանել։ Դէ վերաբերում է այլ պետութեան, մի փոքր աւելի նուրբ հարցեր են»։

Ինչ կը վերաբերի հակամարտութեան Թուրքիոյ մասնակցելուն, ապա, ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանին, անիկա կը շարունակուի. – «Թուրքիան շարունակում է լիովին ներգրաւուած մնալ։ Եւ եթէ ինչ-որ միջոցներ ու ուժեր աւելի պակաս է կիրառում, մի քիչ քիչ կամ մի քիչ այլ տեղերում, դա, մեր կարծիքով, յստակ կապ ունի հայկական բանակի յաջողութիւնների հետ միայն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment