Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 5-ին այցելած է Արցախ:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ Փաշինեան Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմի հետ կայացուցած է խորհրդակցութիւն:
Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար` Ճալալ Յարութիւնեան զեկուցած է առաջնագիծին վրայ դաշտային իրավիճակի, ատրպէյճանական կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն արժանի հակահարուած հասցնելու, ինչպէս նաեւ Զինուած Ուժերու առաջիկայ քայլերու մասին, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: