Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ ՌԴ Արտաքին Հետախուզութեան Տեղեկութիւններուն, ԼՂ Հակամարտութեան Գօտիէն Ներս Կը Ներգրաւուին Վարձկան Զինեալներ

Ըստ ՌԴ Արտաքին Հետախուզութեան Տեղեկութիւններուն, ԼՂ Հակամարտութեան Գօտիէն Ներս Կը Ներգրաւուին Վարձկան Զինեալներ

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութիւնը տեղեկութիւններ ունի, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս աշխուժօրէն կը ներգրաւուին վարձկան զինեալներ Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկչական խմբաւորումներէն։

«Ըստ առկայ տուեալներուն, միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս՝ «Ճապհաթ Ալնուսրայի», «Ֆիրքաթ Համզայի», «Սուլթան Մուրատի», ինչպէս նաեւ ծայրայեղական քրտական խմբաւորումներու զինեալները կը տեղափոխուին հակամարտութեան գօտի: Աւելին՝ մենք կը խօսինք հարիւրաւոր եւ նոյնիսկ հազարաւոր ծայրայեղականներու մասին, որոնք փող վաստակելու ակնկալիքներ ունին ղարաբաղեան նոր պատերազմէն», – յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան տնօրէն՝ Սերկէյ Նարիշքինը։

«Մեզի չի կրնար չանհանգստացնել, որ Անդրկովկասը կրնայ դառնալ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նոր հաւաքատեղի, ուրկէ գրոհայինները հետագային կրնան ներթափանցել Ատրպէյճան եւ Հայաստանին յարող պետութիւններ, ներառեալ՝ Ռուսաստան», – ընդգծած է Նարիշքինը:

Ֆրանսան եւս յայտարարած է, թէ ունի ստոյգ տեղեկութիւններ, որ Թուրքիայէն տեղափոխուած սուրիացի իսլամիստները կը մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալուող ռազմական գործողութիւններուն: Պաշտօնական Պաքուն ու Անգարան, սակայն, կտրականապէս կը հերքեն այդ մեղադրանքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment