Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը Սփիւռքին

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը Սփիւռքին

by MassisPost

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, թանկագի՛ն քոյրեր եւ եղբայրներ,

Մեծ հիացմունք, խոր յուզմունք եւ անսահման հպարտութիւն կ’ապրիմ՝ տեսնելով, լսելով ու զգալով համերաշխութեան, միասնութեան այն հուժկու ալիքը, որ բարձրացած է Սփիւռքի մէջ՝ ի արձագանգ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ համատեղ սանձազերծուած պատերազմի։

Կ’ուզեմ, որ իմանաք՝ Հայրենիքը կը լսէ եւ կը զգայ իւրաքանչիւրիդ ձայնը, իւրաքանչյուրիդ խօսքը, ձեր սրտերու անհանգիստ բաբախիւնը, ուր ալ ըլլաք, ինչքան ալ հեռու գտնուիք։

Այսպիսի հզօր ու ամուր Սփիւռքը իսկական բանակ է, որ սատար է Հայրենիքին ու քաջարի Հայոց բանակին այս դժուարին, ճակատագրական պահուն։

Հայրենիքը երախտապարտ է այն օգնութեան համար, որ կը ցուցաբերէք Ձեր նիւթական աջակցութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնած «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» համազգային դրամահաւաքին ձեր աշխոյժ մասնակցութեամբ:

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր Հայաստանի եւ Արցախի դեսպանն է դուրսը: Դուք բոլոր հնարաւոր միջոցներով՝ հաւաքներով, կոչերով, դիմումներով եւ ելոյթներով ամէն ինչ կ’ընէք ճշմարտութիւնը, Արցախի ձայնը հասցնելու միջազգային հանրութեան, ընդ որում՝ ձեր երկիրներու կառավարութիւններուն՝ ներկայացնելու Թուրքիոյ օժանդակութեամբ Ատրպէյճանի սանձազերծուած յարձակման անմարդկային էութիւնը:

Վստահ եմ՝ կը գիտակցիք, որ ներկայ իրավիճակին մէջ պէտք է շարունակենք բազմապատկել մեր ջանքերը:

Շարունակեցէ՛ք նոյն ոգիով եւ նոյն նուիրուածութեամբ, որովհետեւ այս անգամ մեր դէմ՝ Արցախի ազատատենչ ժողովուրդի դէմ ելած է ոչ միայն Ատրպէյճանը, այլեւ՝ ցեղասպան Թուրքիան՝ իր զէնքով, զինուորականով ու վարձկան ահաբեկիչներով, իր հայատեաց խօսքով ու գործով: Սա այն նոյն Թուրքիան է, որ 105 տարի առաջ հայերու էթնիկ զտումներ եւ ցեղասպանութիւն իրականացուց Օսմանյան կայսրութեան մէջ:

Այս անգամ այդ պիտի չանցնի, մենք թոյլ չե՛նք տար նոր ցեղասպանութիւն: Մեր համաշխարհային ազգը հզօր է իր միասնութեամբ ու հաւաքական ուժով։ Որեւէ կասկած չկայ, որ մենք պիտի յաղթենք:

Մենք անյաղթ ենք մեր ամենայաղթ միասնութեամբ։

Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ։ Աստուած պահապան բոլորիս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment