Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Մենք Կռիւ Կը Մղենք, Ոչ Միայն Ատրպէյճանի, Այլ Նաեւ Թուրքիոյ Դէմ» ԱՀ Նախագահ

«Մենք Կռիւ Կը Մղենք, Ոչ Միայն Ատրպէյճանի, Այլ Նաեւ Թուրքիոյ Դէմ» ԱՀ Նախագահ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` Արցախի դէմ, բացի Ազրպէյճանէն, կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Այս մասին Յարութիւնեան ըսաւ 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան հրաւիրուած ճեպազրոյցի ընթացքին:

«Մեր   դէմ  կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Կ՛օգտագործեն թրքական բանակի ձեռքի տակ եղած հիմնական ժամանակակից զէնքերն ու զինամթերքները` անօդաչու թռչող սարքեր եւ ինքնաթիռներ: Չեմ խօսիր վարձկաններու, այլ երկիրներէ կամաւորականներու մասին: Արցախը կը կռուի միայն օգտագործելով Արցախի ՊԲ բանակի ուժերը եւ պիտի ըլլան կամաւորներ միայն Հայաստանէն, հակառակ որ, որ ՀՀ կառավարութեան որոշումը կայ` յայտարարել ռազմական դրութիւն եւ զօրաշարժ»,- ըսած է Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը նշած է, որ Պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրը:

«Դիրք կորսնցուցած ենք, հնարաւոր է` նաեւ կորսնցնենք: Դիրքեր պիտի գրաւենք հաստատ: Պատերազմի արդիւնքները մեզի համար կանխատեսելի են, թշնամիին ծրագիրը պիտի ձախողի: Արդէն իսկ ունին հարիւրաւոր կորուստներ, զրահամեքենաներու տասնեակ կորուստներ»,- նշած է Արցախի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment