Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան Փասատինայի կեդրոնին մէջ, անցեալ Կիրակի Սեպտեմբեր 13ին, տեղի ունեցաւ սննդամթերքի հերթական բաշխում: Հ.Կ.Բ.Մ.ի հովանաւորութեամբ սոյն միջոցառումի նախաձեղնողներն էին Հ.Մ.Մ.ի վարչութիւնն ու Հ.Մ.Մ.ի Տիկնանց Օժանդակ Միութիւնը: Արդարեւ, տասնեակ մը կամաւոր անդամ-անդամուհիներ, սիրայօժար կերպով իրենց օգտաշատ մասնակցութիւնը բերին սննդամթերքի բաշխումի աշխատանքին, որմէ օգտուեցան «Քորոնա» համաճարակէն տուժած կարիքաւոր ընտանիքներ, մասնաւորաբար Փասատինա քաղաքէն եւ մերձակայ շրջաններէն: Անոնք յատուկ արկղերու միջոցով, ստացան այլազան տեսակի ուտելիքներ(կարագ, մածուն, պահածոներ, բանջարեղէն, արմտիք, եւայլն):
Նշենք նաեւ որ Հ.Կ.Բ.Մ.ը մարդասիրական արտակարգ աշխոյժ գործունէութիւն մը կը ցուցաբերէ ներկայիս Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղի իր կեդրոնական դարմանատան մէջ, ուր առանց կուսակացական եւ հատուածական խտրականութեան, բուժ-օգնութիւն եւ ուտեստեղէն կը ստանան երկրի տնտեսական ճգնաժամէն, «Քորոնա» համաճարակէն եւ Օգոստոս 4ի պայթիւնէն տուժած հայ բազմահազար քաղաքայիններ: