Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճան Բողոքարկած Է Գուրգէն Մարգարեանի Գործով ՄԻԵԴ-Ի Վճիռը

Ատրպէյճան Բողոքարկած Է Գուրգէն Մարգարեանի Գործով ՄԻԵԴ-Ի Վճիռը

by MassisPost

Ատրպէյճան բողոքարկած է Պուտափեշթի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կացինահարուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Մայիս 26-ի վճիռը:

Սպանութենէն 16 տարի ետք՝ այս տարուայ Մայիս 26-ին, ՄԻԵԴ-ը արձանագրած էր, որ Պաքուն խախտած է Եւրոպական համաձայնագիրը՝ ազատ արձակելով Ռամիլ Սաֆարովը։

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Գուրգէն Մարգարեանի իրաւայաջորդներու շահերու ներկայացուցիչ, փաստաբան՝ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ դիրքորոշում այս մասին կը յայտնէ պաշտօնապէս տեղեկանալէ եւ հիմքերուն ծանօթանալէ յետոյ: «Վճիռը մեծ հարուած էր Ատրպէյճանին, այն առաջին դատական աքթն է, որ պաշտօնապէս հաստատում է Ատրպէյճանի հակահայկական քաղաքականութիւնը, որն ունի բարձր հովանաւորութիւն պետութեան կողմից», – ըսաւ փաստաբանը:

Միեւնոյն ժամանակ հայկական կողմը եւս բողոքարկած է վճիռը Մեծ պալատին։ Թէպէտ ընդհանուր առմամբ վճիռը, փաստաբանի խօսքով, յաղթանակ էր Հայաստանի համար, սակայն կան որոշ նրբութիւններ։ 2004 թուականին ՆԱԹՕ-ի դասընթացներու ժամանակ` գիշերը կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը եւ նոյն դասընթացքին մասնակցող սպայ Հայկ Մակուչեանի նկատմամբ մահափորձը Եւրոպական դատարանը չվերագրեց Ատրպէյճանին՝ յենուելով Հունգարական դատավճիռի այն հետեւութեան վրայ, որ այդ արարքները կատարած ատեն Սաֆարովը գործած է մասնաւոր անձի կարգավիճակով: Եւրոպական դատարանը նաեւ պատասխանատուութենէն ազատեց Սաֆարովին հայրենիք արտայանձնած Հունգարիան: Հայկական կողմը մինչդեռ վստահ է, որ բաւարար հիմքեր ներկայացուած են, Ատրպէյճան պետութիւնը սպանութեան պատասխանատու ճանաչելու համար։

«Ուստի հենց սպանութեան համար եւս պէտք է պատասխանատուութեան կանչուի ոչ թէ Սաֆարով անհատը, այլ ատրպէյճանական պետութիւնը: Այս մասով Եւրոպական դատարանի մեծամասնութիւնը չի կիսել մեր մօտեցումները՝ այս մասով բողոքարկել վճիռը եւ հասնել վերջնական արդարութեան», – նշեց Սիրանուշ Սահակեան:

Հունգարական դատարանը թէեւ ցմահ ազատազրկման դատապարտած էր մարդասպանը, սակայն հետագային Հունգարիան զինք արտայանձնած էր Պաքուին, ուր Սաֆարովը ոչ միայն ազատ արձակուած էր, այլեւ բարձր պարգեւներու արժանացած նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ:

Ատրպէյճան արտայանձնուելէն յետոյ, Ռամիլ Սաֆարովը դիմաւորած են որպէս հերոս, «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին նորէն այս հանգամանքը ընդգծած է կացինահարուած սպայ Մարգարեանի ծառայակից, ընկեր Հայկ Մակուչեանը, որ նոյնպէս կրնար դառնալ Սաֆարովի զոհը, եթէ հունգարացի ոստիկանները ժամանակին դէպքի վայր չհասնէին:

«Վճարելով նրա դատապարտուած տարիների աշխատավարձը, կոչում շնորհելով այս ամբողջ տարիների համար, բնակարան նուիրելով՝ պետութիւնը վերցնում է իր վրայ ամբողջ պատասխանատուութիւնը, եթէ պարզապէս նա սպայ լինէր ու գար եւ չարժանանար նման պատուի, միգուցէ ճիշդ լինէր տեսակէտը, որ նա պարզապէս մասնաւոր անձ էր սպայի եւ պետութիւնը պատասխանատուութիւն չի կրում: Բայց այս պարագայում պետութիւնը հաստատում է, որ ինքը համաձայն է նրա գործողութիւնների հետ: Դրա համար ես կարծում եմ, որ Ատրպէյճանն ամբողջական պատասխանատուութիւն է կրում սպանութեան համար», – ըսաւ Մակուչեան:

ՄԻԵԴ-ը որոշած էր նաեւ, որ Ատրպէյճանը պէտք է դիմումատուներուն՝ Մարգարեանի ծառայակից Մակուչեանին եւ մօրեղբայր Մինասեանին վճարէ 15,143 ֆունտ սթերլինկ՝ եղած ծախսերուն համար: Դիմումատուները գումարային փոխհատուցում չեն պահանջած, իսկ նշուած գումարը դատական ծախսերն են՝ հայ ու բրիտանացի փաստաբաններու վճարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment