Նիկոլ Փաշինեան վստահ է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակի երկրորդ ալիքի վտանգը իրական է:
Կառավարութեան Սեպտեմբեր 10-ի նիստին ներկայացնելով «Քորոնա» ժահրի նոր դէպքերու դրական վիճակագրութիւնը` վարչապետը ընդգծեց, որ ուսումնական հաստատութիւններէն ներս մեկնարկուող դասերու ընթացքը կը մեծցնէ վարակի տարածման վտանգը:
Եւ այդ իսկ պատճառով, վարչապետի խօսքով, չափազանց կարեւոր է պարէտի սահմանած կանոններուն յստակ պահպանումը, օրինակ, երեխաները դպրոցներուն մէջ պէտք է պարտադիր դիմակ կրեն. – «Այն որոշումները, որոնք կայացուում են, վերաբերում են ոչ միայն ուրիշների, այլեւ մեր երեխաներին նոյնպէս՝ մեր երեխաները ո՛չ դպրոցներում, ո՛չ մանկապարտէզներում, ո՛չ էլ որեւէ այլ տեղ արտօնեալ չեն: Մեր նպատակն է՝ կամաց-կամաց դուրս գալ այս սահմանափակումների ռեժիմից: Մենք դիտարկում կ’իրականացնենք եւ համապատասխան անհրաժեշտ որոշումներ կը կայացնենք, որպէսզի մեր երեխաները հնարաւորինս օր առաջ լիաթոք շնչեն»:
Հայաստանի դպրոցներն ու բուհերը կը բացուին Սեպտեմբեր 15-ին: Փաշինեան ԿԳՄՍ (Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի) նախարարին յորդորեց ուսումնական հաստատութիւններէն ներս կանոններու պահպանումին շատ խիստ վերաբերուիլ, ընդհուպ մինչեւ վարչական խիստ միջոցներու կիրառումը:
Իշխանութեան մօտեցումը այսպիսին է` եթէ դպրոցները կը բացուին, ուրեմն ալ չեն փակուիր. – «Ասում ա, եկէք բացենք, ոչինչ, քսան օրից նորից փակենք… Այսինքն փորձարկութիւններ հո չե՞նք անելու: Մենք դպրոցները պէտք ա բացենք էնպէս, որ փակելը կրկին բացառուի»:
Վերջին երկու շաբաթներուն, օրական կտրուածքով երկրին մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի մինչեւ երկու հարիւր դէպք: Նուազած է նաեւ աշխոյժ դէպքերու թիւը, այսօրուայ դրութեամբ անոնք 2908 են:
Վարչապետը նիստին նաեւ «Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքներուն անդրադարձաւ եւ բոլոր խնդիրներուն մասին խօսելէն ետք յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով Հայաստանի մէջ ընկերային ճգնաժամ չկայ:
Հայաստանի մէջ վերջըն մէկ օրուայ ընթաքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 174-ով՝ հասնելով 45,326-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 1 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը: